Հայաստան Մասնակցած է Հաագայի Գինիի Փառատօնին

Աշխարհ, Հայաստան

Հաագայի Crown Plaza Promenade հիւրանոցային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է Dimplomat Magazine-ի կողմէ կազմակերպուած ամենամեայ Diplomats Wine Extravaganza փառատօնը, որուն առաջին անգամ ներկայացուած է Հայաստանը՝ ի դէմս Royal Beverages Group ընկերութեան կողմէ ներմուծուող հայկական արտադրութեան գինիի, քոնեակի եւ օղիի լայն տեսականով։

Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը, գինիի փառատօնին մասնակցած է Հոլանտայի Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնած է  Royal Beverages Group-ի ղեկավարութեան` հայկական տաղաւարը լաւագոյնս կահաւորելու եւ հայկական արտադրանքի լայն տեսականին յաւուր պատշաճի ներկայացնելու համար: Դեսպան Բալայեանի բնորոշումով Diplomats Wine Extravaganza փառատօնին առաջին անգամ Հայաստանի` նման ներկայանալի կերպով մասնակցութիւնը դեսպանութեան եւ հայ համայնքի համագործակցութեան օրինակելի դրսեւորումներէն է:

Փառատօնի այցելուները դրական գնահատած են հայկական ոգելից խմիչքները` ընդգծելով, որ ներկայացուած երկիրներէն Հայաստանը կ՛առանձնանար իր հարուստ տեսականիով, բարձր մակարդակի պատրաստուածութեամբ եւ իւրօրինակ ձեւաւորումով:

Diplomats Wine Extravaganza փառատօնին մասնակցած են  ոգելից խմիճքներ ներմուծող շարք մը ընկերութիւններ, հիւրանոցային եւ ճաշարանային ցանցերու ներկայացուցիչներ: