Ռոպերթ Քոչարեանի Պաշտպանները Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Են Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին

Հայաստան

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանները ինքնաբացարկի միջնորդութիւն ներկայացուցած են Քոչարեանի եւ միւսներու  գործով նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին:

Մայիս 13-ին կայացած նիստին այս մասին ըսած է Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեան: «Ինքնաբացարկ յայտնելու հիմքերէն մէկը այն է, որ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը, որ այս գործին մէջ կը հանդիսանայ կողմ, նիստերու դահլիճ մտած է դատաւորին համար նախատեսուած ծառայողական մուտքէն: Այս հանգամանքը կասկածի տեղի կու տայ, որ դատաւորը չէ պահպանած դատավարական կողմերու հաւասարութեան սկզբունքը: Երկրորդ հիմքն այն է, որ դատաւորը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին չէր կրնար ծանօթանալ քրէական գործի 80 հատոր նիւթերուն եւ Քոչարեանի խափանման միջոցի հարցին վերաբերեալ որոշում տալ: Մեզ կը զրկեն Քոչարեանի պաշտպանութիւնը արդիւնաւէտ կերպով իրականացնելու կարելիութենէն», ըսած է Ալումեան:

Նիստին նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան յայտնած է, որ ինքնաբացարկի միջնորդութեան վերաբերեալ որոշումը դատարանը պիտի հրապարակէ այսօր: