Հոկտեմբեր 5-ին Ժամանակաւորապէս Պիտի Դադրեցուի Դեսպանութիւններու Միջոցով Անձնագիրներու Տրամադրումը
ՀՀ ԱԳՆ-էն կը տեղեկացնեն, որ 2026թ. Մայիս 11-ին ընդունուած է «Անձը հաստատող փաստաթղթերի մասին» ՀՀ օրէնքը, որմով կը նախատեսուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անձը հաստատող փաստաթուղթերու կենսաչափական նոր համակարգի ներդրում:
Նոր համակարգի ներդրման հետ կապուած անցումային գործընթացի կազմակերպման նպատակով՝ 2026թ. Հոկտեմբեր 5-ին ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցուի ՀՀ դեսպանութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու միջոցով, ներառեալ՝ տեսակապով, անձնագիրներու տրամադրման (փոխանակման) ծառայութեան մատուցումը:
Ծառայութեան մատուցման վերսկսման ժամկէտներուն վերաբերեալ լրացուցիչ տեղեկատուութիւնը պիտի հրապարակուի դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու պաշտօնական տեղեկատուական հարթակներուն միջոցով:
