Ծերակուտականներ Կը Պահանջեն ազրպէյճանի Բոլոր Քաղաքական Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը

Աշխարհ, Հայաստան

Արտաքին նախարար Մարքօ Ռուպիոյին հասցէագրուած նամակով մը, խումբ մը ծերակուտականներ խոր մտահոգութիւն յայտնած են ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւի վարչակազմին օրօք շարունակուող կամայական ձերբակալութիւններուն համար։

Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Ամերիկայի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու յաջողութիւնը կախեալ է անկէ, թէ արդեօք պաքու պիտի կատարէ՞ իր պարտաւորութիւնները, որոնց շարքին՝ բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը։

Ծերակուտականները կը շեշտեն, որ Ամերիկայի եւ ազրպէյճանի միջեւ գործակցութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, օրէնքի գերակայութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան վրայ։

«ազրպէյճանի մէջ կը պահուին առնուազն 300 քաղաքական բանտարկեալներ, իսկ անկախ լրագրողներու, ընդդիմութեան առաջնորդներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու նկատմամբ ճնշումները կը շարունակուին երկրի տարածքին։ Մենք կը բաժնենք շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու վարչակազմին հետաքրքրուածութիւնը եւ կոչ կ՛ընենք՝ ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը դարձնել ռազմավարական գործընկերութեան պայման։ Մեզ քաջալերած են Պելոռուսի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը ապահովելու գործին մէջ վարչակազմի յաջողութիւնները, եւ կոչ կ՛ուղղենք վարչակազմին՝ նմանօրինակ մօտեցում կիրարկելու նաեւ ազրպէյճանի նկատմամբ»,- գրած են ծերակուտականները։