Վարդատօնը՝ Արցախի «Գրիգոր Նարեկացի» Համալսարանէն Ներս

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին նախաձեռնութեամբ՝ Մայիս 14-ին, կազմակերպուած է միջնադարի հայ մեծ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած Վարդատօն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի եւ ԱՀ գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանի գլխաւորութեամբ՝ ներկաները վարդեր խոնարհած են Գրիգոր Նարեկացիի պատուանդանին:

Ձեռնարկին ընթացքին՝ բանաստեղծութիւններով ու երգերով հանդէս եկած են համալսարանի ուսանողները:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Վարդան Յակոբեան՝ ողջունելով ներկաները եւ շնորհաւորելով տօնին առիթով:

«Նարեկացին` իբրեւ բանաստեղծ, երաժիշտ, փիլիսոփայ ու գիտնական, բաւական բարդ երեւոյթ է: Ան ստեղծեց աստուածամարդու կերպարը, եւ որքան ալ խորհրդային տարիներուն կը փորձէին անոր անունը հեռացնել աստուածերգութենէն, մարդերգութենէն, այնուամենայնիւ չէին կրնար: Անոր բոլոր տաղերը խօսքեր են առ Աստուած: Մարդը առաջին անգամ Նարեկացիի շնորհիւ կրցաւ հաղորդակցուիլ Աստուծոյ հետ: Նարեկացին պէտք է սիրենք ոչ միայն իբրեւ բանաստեղծական արուեստ կերտող, փիլիսոփայ, այլ նաեւ մեր արեան բաղադրատարրը մաքրագործող ու հարստացնող աւազան մը, ուր կը մաքրագործուինք բոլորս»,- ըսած է ան:

Իր հերթին՝ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան նշած է, որ «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանին կողմէ շատ ողջունելի ու գեղեցիկ աւանդոյթ է ամէն տարի հայկական վերածնունդի ներկայացուցիչին նուիրուած այս տօնը նշելը:

«Նարեկացին տիեզերական մեծութիւն է՝ արժանի մեծարանքի ու պատուի: Ան շատ անգամ հալածուած է, բայց անշեղօրէն պահած է իր հաւատարմութիւնը մեր հաւատքին հանդէպ: Ան մարգարէացաւ եւ դարձաւ տիեզերական սուրբ` ի լուր համայն աշխարհի: Փառք տանք Աստուծոյ, որ ունինք այդպիսի հայ մեծութիւն, որ երկինքէն կ՝աղօթէ մեզի համար եւ կը բարեխօսէ մեր ազգը»,- նշած է ան:

Ձեռնարկին ներկայ ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, իր ելոյթով նշած է, որ Նարեկացին կրցաւ իրարու միացնել քնարերգութիւնը եւ աստուածային խօսքը:

«Դժուար է խօսիլ 10-րդ դարու մեծանուն հայուն մասին: Նարեկացին ներկայացաւ իբրեւ աշխարհիկի եւ հոգեւորի մարմնացում: Ան եկաւ վերածնելու հայ միջնադարեան գրականութիւնը: Նարեկացին ապրած էր ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ եզակի էր հայոց պատմութեան մէջ, քանի որ անկէ ետք գրեթէ հարիւր տարի այդպիսի աշխոյժ պատերազմական գործողութիւններ չեղան եւ, այդ ընթացքին, անցնելով զրկանքներու, տառապանքներու մէջէն, ան կրցաւ մասնակիցը դառնալ հայ մշակոյթի զարգացման: Անոր «Նարեկ»-ը՝ հայ ժողովուրդին համար Աստուածաշունչի հետ միասին՝ համարուեցաւ Սուրբ Գիրք: Գրիգոր Նարեկացին թարգմանուած է աւելի քան 30 լեզուներով եւ հիացմունք պատճառած շատերուն: Ես կարեւոր կը համարեմ այս տօնը նշելը եւ Գրիգոր Նարեկացի բանաստեղծը մէկ անգամ եւս արժեւորելը»,- մասնաւորապէս ըսած է Լ. Յովհաննիսեան:

Վարդատօնին ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ԱՀ գրողներ, դասախօսներ եւ այլք: