Հաթերքի Մէջ Իրականացաւ «Ժենգեալով Հաց»-ի Ամենամեայ 2-րդ Փառատօնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Հաթերք գիւղին մէջ, Մայիս 12-ին, տեղի ունեցաւ «Ժենգեալով հաց»-ի փառատօնը։ Այս մասին կը հաղորդէ http://nt.am-ը։

Երկրորդ անգամ իրականացուող փառատօնը կազմակերպուած էր «Էկոտուրիզմն Արցախում» նախաձեռնութեան եւ «Հզօր Հաթերք» ծրագրի ծիրէն ներս: Նպատակն է մեծցնել համայնքին ճանաչելիութիւնը, նպաստել զբօսաշրջութեան զարգացման։

Գիւղին կեդրոնը տեղադրուած շուրջ 120 տաղաւարներէն մեծ մասը, մեծ ու փոքր իրարու օգնելով՝ պատրաստած են արցախեան յայտնի ժենգեալով հացը, որ համտեսելու համար մարդիկ հատած են հազարաւոր քիլոմեթրեր:

Հաթերք այցելած հիւրերուն ամենամեծ հերթը գոյացած է այն տաղաւարին մօտ, ուր խումբ մը հադրութցիներ թխած են աշխարհի ամենամեծ ժինգելալով հացը՝  303 սմ երկարութեամբ:

Տօնական միւս տաղաւարներուի մէջ, հաթերքցիները հնարաւորութիւն ունեցած են ցուցադրելու եւ վաճառելու նաեւ տնական պահածոներ, օղի, մեղր, չիրեր, ձեռագործ աշխատանքներ:

«Ժենգեալով հաց»-ի ամենամեայ փառատօնը ուղեկցուած է ուրախ երգ ու պարով՝ ապահովելով մասնակիցներուն բարձր տրամադրութիւնը:

Նշենք, որ Ժենգեալով հացը, որուն պատրաստման աւանդոյթը կու գայ շատ հին ժամանակներէ, արցախեան խոհանոցի ամենացանկալի ուտեստներէն մէկն է։ Անիկա կը պատրաստուի խառնելով՝ կանաչ սոխ ու սխտոր, համեմ, սամիթ, վայրի սպանախ, ճռճռուկ, կնձմնձունկ, թրթնջուկ եւ նմանատիպ շուրջ 25 տեսակ թարմ կանաչեղէններ։