ՀՀ ԱԳ Նախարարը Արեւելեան Գործընկերութեան 10-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութեան Ընթացքին Ելոյթ Ունեցած է

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Պրիւքսէլի մէջ ելոյթ ունեցած է Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակին նուիրուած «Հայեացք դէպի ապագայ. Արեւելեան գործընկերութեան ապագան` աւելի ուժեղ տնտեսութիւններու, կառավարման, կապերու եւ հասարակութիւններու միջոցով» խորագիրով քննարկման ընթացքին: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Մայիս 13-14-ին, աշխատանքային այցով կը գտնուի Պրիւքսէլ: Մայիս 13-ին, Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է արեւելեան գործընկերութեան նախարարներու հանդիպման: Մայիս 14-ին, նախարարը մասնակցած է նաեւ արեւելեան գործընկերութեան բարձր մակարդակի համաժողովին:

Այցին ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ շարք մը գործընկերներու հետ: Մնացականեան նաեւ պիտի մասնակցի «Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեակ. քաղաքացիական հասարակութեան տեսակէտը» խորագիրով քննարկման: