Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումէն Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած են

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեան մանրամասներ հաղորդած է Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ոչ պաշտօնական հանդիպման վերաբերեալ։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ Վլատիմիր Կարապետեան նշած է, որ կողմերը մտքեր փոխանակած են ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։

«Ըսեմ, որ ատիկա պաշտօնական ձեռնարկ էր, որ կազմակերպուած էր ի պատիւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու։ Այո՛, մէկ սեղանի շուրջ կը գտնուէին ՀՀ վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը։ Տեղի ունեցած է կարճ հանդիպում, քննարկած են ստեղծուած իրավիճակը սահմանագիծին վրայ։ Այսինքն՝ մտքերու փոխանակում՝ իրավիճակին վերաբերեալ»,- ըսած է Վլատիմիր Կարապետեան։

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ անդրադարձ եղա՞ծ է սահմանային վերջին դէպքերուն, Վլատիմիր Կարապետեան պատասխանած է, որ մտահոգութիւնը փոխանցուած է։

Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին առիթով տրուած է պաշտօնական ընթրիք՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի անունով, որուն ներկայ եղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։