Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի Մէջ Կարճ Հանդիպում Մը Ունեցած է Իլհամ Ալիեւի Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ մասնակցած են Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած պաշտօնական ընթրիքին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ռուսական  ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ վարչապետը:

«Ես եւ պարոն Ալիեւ ընթրիքի ընթացքին կարճ զրոյց մը ունեցանք: Ան ընդհանուր խօսակցութիւն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի վերաբերեալ»,- ըսած է ան:

Անդրադառնալով ապագային նոր հանդիպման հնարաւորութեան մասին հարցոըմին` ան ընդգծած է, որ առայժմ յստակ ծրագիրներ չկան:

«Ես վստահ եմ, որ բանակցային գործընթացը պիտի շարունակուի, եւ հիմա շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղը վերադարձնել բանակցային սեղան: Անհնար է հասնիլ այս հակամարտութեան կարգաւորման առանց Ղարաբաղին»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: