Տեղի Պիտի Ունենայ «Արի տուն-2019» Ծրագիրը

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ․

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Յուլիս 1-էն Օգոստոս 25 Հայաստանի մէջ 4 փուլերով պիտի իրականացուի երկշաբաթեայ ուսումնաճանաչողական «Արի տուն» Ծրագիրը: Ծրագիրի մասնակիցները 14 օր պիտի ապրին Երեւանէն ոչ հեռու գտնուող գեղատեսիլ ճամբարի մէջ, ուր հնարաւորութիւն պիտի ունենան կատարելագործելու իրենց մայրենիի գիտելիքները` հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու միջոցով, ճանչնալու Հայաստանը եւ անոր մարդոց` պատմամշակութային վայրեր այցելութիւններու եւ հետաքրքիր հանդիպումներու միջոցով, մշակութային ձեռարկներուն մասնակցելով եւ այլն:
Ծրագրի 14-օրեայ ժամանակահատուածի բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ ՀՀ կառավարութիւնը:

Որոնք կրնան մասնակցիլ սոյն ծրագիրին`

13-18 տարեկան ՀՀ քաղաքացի չհանդիսացող (բացառութեամբ` երկքաղաքացիութիւն ունեցողներու) սփիւռքահայ այն պատանիները եւ աղջիկները, որոնք`
– նախորդ տարիներուն չեն մասնակցած «Արի տուն» եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրներուն,
– իրենց հաշուին կը հոգան Հայաստան ժամանելու եւ մեկնելու ծախսերը,
– իրենց հաշուին ձեռք կը բերեն երկշաբաթեայ ապահովագրութիւն:

Ծրագիրին մասնակցելու համար յայտ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը`

16.06.2019, ժամը 24:00 (Երեւանի ժամանակով)

Հաշուի առնելով տեղերու սահմանափակ քանակը՝ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ մասնակիցներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի «Առաջինը դիմեցիր, առաջինը ընդունուեցար» սկզբունքով:

Մասնակիցի յայտը հաստատելու /մերժելու ծանուցումը մասնակիցներուն կ’ուղարկուի մինչեւ`

20.06.2019, ժամը 18:00 (Երեւանի ժամանակով)

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵՐ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ՍՏԱՆԱԼԸ` ԶԵՐԾ ՄՆԱԼ ՕԴԱՆԱՒԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ԿԱՄ ԱՅԼ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԻ ՏՈՄՍԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐԵԼԷՆ:

Կապ՝
Հեռ.՝ +37410 58-56-01 (807,604), +37460 500-830
էլ. հասցէ՝ aritun.mindiaspora@gmail.com

Յայտադիմումները լրացնելու համար կրնաք այցելել այստեղ: