ԱՄՆ Հայ Դատը Կոչ Կ՛ընէ Դատապարտելու Ատրպէյճանական Յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի Դէմ

Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է ԱՄՆ Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն Պաքուի ջարդերու 30-ամեայ տարելիցին դատապարտել Ադրբեջանի շարունակական յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ: «Պաքուի, Սումգայիթի, Մարաղայի, Կիրովապատի արիւնոտ ջարդերէն, […]

Ռուսիոյ Կառավարութիւնը Հրաժարական Տուաւ

Ռուսիոյ կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ Սահմանադրութեան 117-րդ յօդուածին համապատասխան: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը, յայտնած Է ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվւետեւը, կը տեղեկացնԷ «Արմենփրես»-ը: ԹԱՍՍ-ը կը նշԷ, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհակալութիւն […]

HUMAN RIGHTS WATCH-ն Ու ՄԱԿ-ը Հայաստանի Մասին Զեկոյցներ Հրապարակած Են

Human rights watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ աշխարհի մօտ 100 երկիրներու, որոնց շարքին Հայաստանի մասին վերլուծութիւններ կան։ Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ընդհանուր անդրադառնալով 2018 -ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին, փտածութեան դէմ […]

Թուրքիոյ Նախագահականէն Ներս Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Գործողութիւններ Քննարկուած են

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած է  նախագահի աշխատակազմի Բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի ժողովը: Վկայակոչելով Yeni Safak-ի տեղեկութիւնները՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ նախագահի հանրային կապերու վարչութեան ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունը […]

Էրտողանը Ընդունած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Երկրորդը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիբ Էրտողանը նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը: Հանդիպումը փակ եղած է լրատուամիջոցներու […]

Շնորհակալութեան եւ Երախտագիտութեան Այցելութիւն Սուրիոյ Նախագահին

Հինգշաբթի, 9 Յունուարին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ Առաջին տիկին Ասմա Ասատը նախագահական պալատին մէջ ընդունեցին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը, «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի ներկայացուցիչներ: Հանդիպումը առիթ […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Յորդանանի Մէջ Կայացած Երիտասարդական Ֆորումին

Կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորի Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID) եւ «Ալ հայաթ» քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կազմակերպութեան, 20-22 Դեկտեմբեր 2019-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ընթացք առաւ «Միջեկեղեցական եւ միջմշակութային […]

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Այցելեց Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (լուսանկարներ)

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ապու Տապիի գահաժառանգի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կիրակի , 12 Յունուար 2020-ին ժամանեց Ապու Տապի մասնակցելու «Կայունութեան Շաբաթ» վերնագիրը կրող Միջազգային համագումարին: Այս առիթով Ազգային Առաջնորդարանի եւ […]

Հայ Գիտնականը Զէնքերու Տարածման Արգելք Ըլլալու Աշխատանքին Համար Մեծարուեցաւ

Մեսեչուսեցի Արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) գիտնականներէն հայազգի Արեգ Դանակիւլեան եւ անոր աշխատախումբը «Տարուան Մարդ»ը մրցանակին արժանի նկատուեցան «Զէնքերը հակակշռելու ընկերակցութեան» կողմէ։ Այս մրցանակը, ըստ «Ասպարէզ»-ի, կը տրուի այն անձերուն կամ հիմնարկութիւններուն, […]

Հակառակ Դատարանի Որոշման՝ Թուրքիոյ Մէջ Կը Շարունակուի Պահպանուիլ Ատելութեան Մթնոլորտը. Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ պարտադիր ժամկէտային  զինծառայութեան ժամանակ սպաննուած հայ քաղաքացի Սեւակ Պալըքչըի գործով դատարանի կայացուցած նոր որոշման: Այս մասին կը հաղորդէ […]