Պոլսոյ Պատրիարքարանը Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի Աղմկահարոյց Հարցազրոյցին Վերաբերեալ Պարզաբանում Ներկայացուցած է

Աշխարհ, Սփիւռք

2020 Յունուար 2-ին, թրքական «Aksam» թերթը հրապարակած էր Պոլսոյ նորընտիր Սահակ Բ. պատրիարքի հետ ըրած հարցազրոյցը, ուր արտայայտուած մտքերը հասարակական ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ դարձած էին բուռն քննարկման առիթ եւ նորընտիր պատիարքը յայտնուած էր քննադատութիւններու թիրախին մէջ։

Առ այդ, ըստ Ermenihaber.am-ի, Պոլսոյ պատրարքութեան դիւանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ լուսաբանելու հարցազրոյցին ընթացքին Տ. Սահակ Բ. պատրիարքի հնչեցուցած մտքերը։ Պարզաբանման մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, որ հարցազրոյցը տեւած է մօտ քառասուն վայրկեան եւ բազմաթիւ մանրամասնութիւններ ու բացատրութիւններ տեղ չեն գտած հրապարակման մէջ։ Խմբագիրը իր հայեցողութեամբ ընտրած է հարցազրոյցին ոճը։ Հարցերու եւ պատասխաններու ամբողջական հերթականութիւնը չպահպանելու իբրեւ արդիւնք՝ առաջ եկած են որոշ թիւրըմբռնումներ եւ շատ անգամ բարձրաձայնուած գաղափարներն ու մտքերը իմաստազրկուած են։

Օրինակ՝ հայկական Սփիւռքի եւ թրքահայութեան յարաբերութիւններուն մասին հարցումին ի պատասխան նորընտիր պատրարքը ըսած է. «Թուրքիոյ հայերը, ի տարբերութիւն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերու, կը կազմեն երրորդ հատուած մը։ Վարչական եւ տնտեսական տեսակէտէ հայկական Սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի. Մենք ինքնաբաւ ենք»։

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրէն ներս հարցերուն տրուած պատասխաններուն առնչութեամբ պատրիարքութեան դիւանի պարզաբանման մէջ կ՝արտայայտուի այն միտքը, որ ասիկա գերզգայուն հարց է, որուն պատասխանը պէտք է հաւասարակշռուած եւ ներդաշնակ ըլլայ եւ մարդիկ ոչ թէ պէտք է ակնկալեն լսել իրենց ուզածը, այլ ա՛յն՝ ինչ կրնան ըսել այդ պայմաններուն մէջ Պոլսոյ պատրիարքները։

Սահակ Բ. պատրիարք շեշտած է նաեւ այն հանգամանքը, որ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած մեծ ողբերգութիւններէն ետք այս հողերէն հեռացած մարդիկ իրենց ինքնութիւնը պահպանելու համար կառուցած են ցեղասպանութեան գիտակցութիւնը, իսկ Թուրքիոյ մէջ մնացած հայերը շարունակած են ապրիլ թուրքերու հետ եւ ձեռք բերած են միասին ապրելու փորձառութիւն։ Այս առումով Սահակ Բ. պատրիարքի գնահատմամբ թրքահայերը իւրայատուկ հայեր են աշխարհի մէջ։