Չիլիի Պատգամաւորներու Պալատը Ապրիլ 24-ը Յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Ազգային Օր

Աշխարհ, Հայաստան

Չիլիի Պատգամաւորներու պալատը հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր յայտարարելու նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով DiarioArmenia-ն։

Բանաձեւը ներկայացուցած է պատգամաւոր Քրիստիան Արայեան՝ Չիլի-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահը, որ Մարտին հանդիպած է Հարաւային Ամերիկայի Հայկական ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ Յակոբ Տաբակեանի եւ Արամ Մուրատեանի հետ։

«Այսօրուան նման օր մը՝ 109 տարի առաջ, սկսաւ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդին բնաջնջումը։ Աւելի քան մէկուկէս միլիոն մարդ ծրագրուած կերպով սպանուած է իրենց ցեղական եւ կրօնական պատկանելութեան պատճառով․․․։ Ժամանակի առաջնորդները միտումնաւոր կ՝անտեսէին ատիկա եւ կը թաքցնէին անարդար անտարբերութեան քողի տակ, որ կը պահպանուի մինչ օրս, բայց որուն մենք կը բախինք մեր նման հեռաւոր երկրէն՝ խոնարհաբար, բայց ամուր եւ եռանդով, բարձրացնելով մեր ձայնը նման անարդարութեան առջեւ, պաշտօնապէս ճանչնալով հայ նահատակները»,- նիստին ընթացքին յայտարարած է Արայեան։

Քրիստիան Արայեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝ ընդգծելով․ «Այն ժամանակներուն, երբ հայ ժողովուրդը կրկին կ՝ենթարկուի անարդար յարձակման, երբ Արցախը կ՝ենթարկուի ներխուժման, իսկ անոր քաղաքացիները ստիպուած կ՝ըլլան լքելու իրենց տուները, երբ տէրութիւններն ու միջազգային կազմակերպութիւնները անտարբեր կը նային մէկ կողմ, ես չեմ կրնար չհպարտանալ, որ Չիլիի խորհրդարանը ունի հեռատեսութիւն եւ համակողմանի մօտեցում՝ բարձրացնելու իր ձայնը ցեղասպանութեան առաջ, որուն ենթարկուած են հայերը»։

2007 թուականի Յունիս 5-ին Չիլիի Ծերակոյտը հաստատեց բանաձեւ մը, որուն մէջ ան համերաշխութիւն կը յայտնէր հայ ազգին՝ դատապարտելով հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը եւ Չիլիի կառավարութեան խնդրեց «հաւատարիմ մնալ անոր, որ համաձայնեցուած էր 1985 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէն։