Քաղաքացիներն Ինքնաբուխ Փակած են Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղին՝ Պռոշեանի Հատուածին Վրայ

Հայաստան

Քիչ առաջ քաղաքացիները Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի հատուածին վրայ ինքնաբուխ փակած են Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։

Ըստ աղբիւրին՝ Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղին մէջ բնակիչները համայնքով անցնող կամուրջը, ուր, ըստ առկայ տեղեկութիւններու, կը պատրաստուին ականազերծման աշխատանքներ իրականացնել, ինչպէս նաեւ գիւղով անցնող միջպետական ճանապարհը կը շարունակեն փակ պահել։

Բնակիչները զայրացած են, կոչ կ՝ընեն բոլոր տաւուշցիներուն միանալու ընդվզման, կը զգուշացնեն՝ եթէ հիմա չկասեցուի սահմանազատումն ու տարածքային զիջումները, շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ։

Նշենք, որ այսօր ոչ միայն մայրաքաղաքին մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի շարք մը հատուածներու մէջ քաղաքացիները իրականացուցած են բողոքի ցոյցեր։ Առաւօտէն սկսեալ փակուած է Երեւան-Մեղրի միջպետական ճանապարհի Տիգրանաշէնի հատուածը, Երեւան-Գիւմրի մայրուղին՝ Ալագեազի հատուածին վրայ, Երեւան-Վարդենիս ճանապարհը՝ Մարտունիի  հատուածին վրայ: Փողոցներ փակուած են նաեւ Երեւանի մէջ. մասնաւորապէս, այս պահուն փակ է Խորենացի-Զաքեան խաչմերուկը, Չարենցի փողոցը՝ Ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց:

Ոստիկանութեան տուեալներով, այսօր ոստիկանութեան տարբեր բաժիններ բերման ենթարկուած է 29 քաղաքացի, որոնց 17–ը՝ Երեւանի մէջ։

Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Կիրանցի հատուածը փակ է արդէն քանի մը օրէ ի վեր:

Յիշեցնենք` Հայաստանի եւ ազրպէյճանի սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովները Ապրիլ 19-ին համաձայնած են սահմանազատումը սկսիլ Տաւուշի մարզէն։ Սահմանագծի տուեալ հատուածներուն նկարագրութիւնը պիտի կազմուի` հաշուի առնելով տարածքի գեոդեզիական չափումներուն իբրեւ արդիւնք կատարուած տուեալներու յստակեցումը, որ պէտք է աւարտի մինչեւ 2024 թ. Մայիս 15:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմը յայտարարած է, որ ազրպէյճանը այս բոլորին իբրեւ արդիւնք կը ստանայ 2.5 գիւղ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` վտանգի նուազում։ Կիրանց գիւղի հատուածին վրայ ճանապարհի քանի մը հարիւր մեթր հատուածի փոփոխութիւն կը կատարուի, իսկ Ոսկեպարը ճանապարհի խնդիր չունենար։ Սահմանազատումէն ետք չորս գիւղերու հատուածին վրայ զինուած ուժերը ետ կը քաշուին եւ իրենց տեղը կը զիջին սահմանապահ զօրքերուն: