Ցեղասպանութիւններ Եւ Հատուցման Նորացուող Թղթածրարներ․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակը ծանրագոյն պայմաններուն մէջ կը նշուի: Մեր ժողովուրդի արցախեան հատուածը եւս ենթարկուած է ցեղասպանութեան` շրջափակումի, առեւանգումներու, բռնի տեղահանման եւ  ամբողջական հայրենազրկումի:

Ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութիւնը պարզապէս կը շարունակէ ցեղասպանական գործողութիւններու շարքը` Սումկայիթէն, Կիրովապատէն, Մաղարայէն, Թալիշէն մինչեւ քառօրեայ ու քառասունչորսօրեայ, մինչեւ սեպտեմբերեան վերջին պատերազմ: Այս բոլորը անցան նաեւ Պուտափեշտի կացինէն, Թալիշի անզէն բնակչութեան անդամահատումներէն եւ պատերազմի ընթացքին ինկած նահատակներու դիակներու պղծումներէն:

Ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած է Ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութիւնը, որ այս բոլորը կ՛իրականացնէ Շուշիի հռչակագիրի հայեցակարգով եւ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ճշդած վարքագիծներով:

Հիմա նոր իրաւազրկումներու հետապնդման խնդիրներ դրուած են մեր ազգին առջեւ: Նոր ցեղասպանութեան փաստի արձանագրում, հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացում, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ բարձրաձայնումներու կազմակերպում, միջազգային դատարաններու դիմում:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ ընդառաջ Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն` համազգային օրակարգի վերածուած էր հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը: Հատուցման նորացուած թղթածրարի հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ:

Իրադարձութիւնները գերարագ են: Աշխարհաքաղաքական մրցապայքարները ժամանակի գործօնի հասկացողութիւնը փոխած են: Տարածաշրջաններու մէջ արագօրէն փոփոխութեան կ՛ենթարկուին ռազմաքաղաքական քարտէսները. ուժեր կը թափանցեն, այլ ուժեր կը նահանջեն, եւ ազդեցութեան գօտիներու վերափոխութիւններ տեղի կ՛ունենան:

Այս բոլորէն զերծ չէ Հարաւային Կովկասը: Երեւանը ճիշդ չ՛ընկալեր իրադարձութիւններու յորձանուտին մէջ հայրենիքը անցնցում պահելու, անվտանգային համակարգը չխախտելու սկզբունքները: Պարտուած ղեկավարը կը շարունակէ իր ձեռքին մէջ պահել երկիրը. Արցախի կորուստէն ետք միակողմանի զիջումներով գիւղեր կը յանձնուին թշնամիին, երբ տակաւին ճշդուած չէ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը:Պահանջ չ՛արծարծուիր հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացման, կամ հայապատկան տարածքներու վերադարձի:

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասին պաշտօնապէս յայտարարուած թուային նշումները կը փոխուին, եւ յայտարարութենէ յայտարարութիւն հայաստանեան տարածքները կը փոքրանան: Շարունակուող հայրենազրկումի կամ հայաստանեան տարածքներէ զիջումի ընթացքի մը ականատես է հայ ժողովուրդը:

Հանդիսատեսի դրուածքէն ներգործօն դիրքի վրայ յայտնուելու  անհրաժեշտութիւնը կայ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Հայութեան միակամ դիրքորոշումը կրնայ կասեցնել միակողմանի զիջումներով յատկանշուող այս ընթացքը:

Ցեղասպանութիւններու փաստերու արձանագրումն ու անոնց միջազգայնացումը ինքնանպատակ չեն անշուշտ: Անոնց պիտի հետեւի հատուցումը, տարածքներու վերադարձը, տարածքներու վերաազատագրումը:

Թէ՛ տեսականօրէն եւ թէ՛ գործնապէս Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն միաժամանակ հատուցում պահանջելն ու մանաւանդ իրականացնելը անիրատեսական կը թուի: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ պահի հասունացման տեսութեան մասին: Երբ միջազգային ընտանիքի եւ հայկական կողմի շահերու համընկնում տեղի ունենայ, այն պարագային կ՛արագանան եւ կ՛իրականանան առաջադրանքները:

Անհրաժեշտ է ուրեմն պատրաստուիլ: Հայութեան համայն իրաւունքներու վերականգնման համար պատրաստուիլ թէ՛ իրաւականօրէն, թէ՛ հայոց պետական բանակի հզօրացման ուղղութիւններով:

Անկարելի չէ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ աշխարհաքաղաքական կեդրոններու եւ հայութեան շահերու համընկնումներու պահը հասունանայ: Այդ պահուն պատրաստ ըլլալն է հրամայականը: Այդ պատճառով ալ անհպելի պէտք է պահել` Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն իրաւական կապը, ամբողջացնել հատուցման նորացուած թղթածրարը, վերականգնել ներքին համերաշխութիւնը, կերտել ազգային պետականութիւն` նոր իշխանութիւններով, նոր դիւանագիտութեամբ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ձգտող տարբեր ոլորտներու գերատեսչութիւններով: Որպէսզի վերակերտուի հզօր հայրենիքը: