Ազրպէյճանի Մէջ Մտահոգ Են Ռուսիոյ Նոր Վարչապետին Հայ Ըլլալէն

Աշխարհ

Հինգշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ վարչապետի պաշտօնին նախկին նախագահ եւ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի փոխարէն նշանակուեցաւ տնտեսագէտ, Դաշնակցային հարկային ծառայութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթինը:

Անոր թեկնածութեան մասին տարածուած լուրերէն ետք համացանցի` մասնաւորաբար հայկական եւ ազրպէյճանական ոլորտին մէջ սկսան տարածուիլ նոր նշանակուած վարչապետին հայկական արմատներ ունենալու մասին խօսակցութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Զիւլֆիքարով (Հայտար Ալիեւի օրերուն` 1998-1999) իր դիմատետրեան էջին վրայ անդրադարձած է «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի եւ միջազգային գործակալութեան, «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Մարկարիթա Սիմոնեանի թուիթըրեան գրառման:

«Ռուսիոյ ճակատագիրը կախեալ է անկէ, թէ ինչքա՛ն պիտի ըլլայ մեր թիւը», գրած էր Սիմոնեան:

Ազրպէյճանցի նախկին պաշտօնատարը, թերեւս կանխամտածուած կամ յիմարօրէն, այլ կերպ արձագանգած է այս գրառման: Կարծելով, որ «մեր թիւը» արտայայտութիւնը կը նշանակէ հայերու թիւը` առնչուած կառավարութեան մէջ երկու հայու` Միշուսթինի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ծագման, ազրպէյճանցին կը գրէ. «Հայերը կը կազմեն Ռուսիոյ բնակչութեան 0,89 առ հարիւրը: Եթէ Միշուսթինը վարչապետ դառնայ (գրառումը կատարելու ժամանակ տակաւին չէր նշանակուած «Երկիր»), իսկ Լաւրով պահէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, ապա պիտի ըլլայ այնպէս, որ կառավարութեան մէջ կայ ծագումով 2 հայ»:

Իրականութեան մէջ Մարկարիթա Սիմոնեանը այդ «թուիթ»-ը ըրած էր այն ժամանակ, երբ Մետվետեւ տակաւին նոյնիսկ չէր յայտարարած կառավարութեան հրաժարականին մասին, իսկ Փութին իր արտասանած խօսքին մէկ հատուածին մէջ կ՛անդրադառնար Ռուսիոյ ժողովրդագրական խնդիրներուն եւ Սիմոնեանի` «մեր թիւը» արտայայտութիւնը կը վերաբերի Ռուսիոյ բնակչութեան:

Ինչ կը վերաբերի Միշուսթինին, ապա ան իրապէս բաւական մտերիմ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի եւ հայերու հետ: Դիմատետրեան օգտատէր, քրտագէտ Կարէն Յովհաննիսեան, անդրադառնալով ազրպէյճանական արձագանգին, կը գրէ. «Միխայէլ Միշուսթինի մայրական կողմէն հայ ըլլալու մասին տեղեկութիւնը այս պահուս կաթուածահար կը դարձնէ ազրպէյճանցի օգտատէրերը»: