Երեւանը Յայտնուած է Աշխարհի Ամենասուղ Քաղաքներու Ցուցակին Վրայ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Երեւանը, Numbeo-ի կեանքի ցուցանիշի արժէքի վարկանիշային ցանկին վրայ, յայտնուած է 380-րդ տեղը: Պաքուն 390-րդ տեղը, Թիֆլիսը՝ 404-րդ: Այսինքն, Երեւանը աւելի սուղ է մեր տարածաշրջանի միւս երկու քաղաքներէն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armradio-ն։

Վարկանիշային ցանկին վրայ տեղ գտած է 440 քաղաք: Աշխարհի ամենասուղ քաղաքներու հնգեակին մէջ են զուիցերիական քաղաքները՝ Զիւրիխը, Պազելը եւ Լոզանը, Ժընեւն ու Պեռնը: իսկ տասնեակին մէջ են Սդաւանկերը, Օսլոն, Դրոնհայմը (Նորվեկիա), Ռեյգեաւիկը (Իսլանտա) եւ Պերկենը (Նորվեկիա):

Գնահատման համար հաշուի կ՝առնուին ապրելու ծախսերը, տան վարձակալութիւնը, ճաշարաններու գիները. անոնք որոշակի ժամանակահատուածի ընթացիկ ցուցանիշներու նկարագրութիւնն են, եւ կը հրապարակուին պարբերաբար:

Numbeo-ն տուեալներու մեծ շտեմարան է՝ աշխարհի քաղաքներու եւ երկիրներու մասին: