Կոմիտաս Եւ Առասպելագիտութիւն Գ. Բնագիր Եւ Թարգմանութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Հրաչ Պարսումեան

Կը թուի, թէ քալիֆորնիաբնակ Լիլլի Թոմասեան քաջածանօթ չէ հայոց լեզուին, ուրեմն նաեւ` հայ մշակոյթին: Իր ասքը ուղղուած է  հանդիսատեսի մը, որ հեռու է հայկական մշակոյթէն: Ենթավերնագիրը (Աստծու պարգեւ) ցուցանիշը մըն է, որ հրամցուածը թատրերգութիւն մը չէ՛: Թատրոնը այն վայրն է, ուր մարդիկ հաւաքաբար գոյութենական հարցադրումներ կը դիմակալեն: Իսկ այստեղ հարցադրում, ինքնաքննարկում չկայ, կայ պատրաստ պատասխան եւ պարտադիր կոչ` «Եկէ՛ք եւ փառաբանեցէ՛ք Կոմիտասը»:Ամերիկացի բեմադրիչ Փաւել Քըրնի իր ակնարկը վերնագրած է` «Այս որո՞ւ Կոմիտասն է արդեօք»: Ինչպէս, ցաւօք, Եղեռնի 100-ամեակի նախօրէին, այնպէս եւ այժմ Կոմիտասի ծննդեան 150-եակին հրապարակ ելան բազմաթիւ հապճեպ թխուած գործեր:

Պատմական.- Անգլերէն բնագրին մէջ սխալները կը սկսին գործող անձերու ցանկէն:

Հայր Գէորգ Դերձակեան թեմական փոխառաջնորդ էր, ոչ թէ` «պատուելի»:

Կարապետ Կոստանեան ոչ թէ բանսարկու կղեր մըն էր, այլ` աշխարհական բազմավաստակ հայագէտ մը, որ այդ շրջանին կ՛ուսուցանէր Գէորգեան Ճեմարանի մէջ: Ան ոչ թէ կը խոչընդոտէր, այլ կը գնահատէր եւ կը քաջալերէր Կոմիտասը: Այդ կարելի է տեսնել, օրինակ, Կոմիտասի 1897-ին Պերլինէն անոր ուղղած նամակին մէջ: Կոմիտասի դէմ լարուած էր ոմն Մաղաքիա եպիսկոպոս:

Մատթէոս կաթողիկոս ոչ թէ Գէորգ Դ.ի յաջորդ աթոռակալն էր, այլ` նախո՛րդը:

Կոմիտաս հայերէն սորված է իր դասընկերներէն, ոչ Դերձակեան պատուելի … ներողութիւն եպիսկոպոսէն, որ, ի դէպ, ելոյթին մէջ մինչեւ խոր ծերութիւն մնաց լոկ վարդապետ:

Կոմիտաս աբեղայ, ապա վարդապետ օծուած է ձեռամբ նոյնինքն Խրիմեան Հայրիկի, որ նոյնպէս կը գնահատէր անոր տաղանդը: Կարելի չէ հաւատալ, որ Խրիմեանին նման անձնաւորութիւն մը աղաւաղուի ոեւէ քսու անձի կողմէ:

Կոմիտաս իր հոգեւորական անունը ստացած է առաջի՛ն ձեռնադրութեան ընթացքին, ինչպէս որ կարգն է, ո՛չ երկրորդին:

Այդ անունը կը կրէր 7-րդ դարու երգահան կաթողիկոս Կոմիտաս Աղցեցին, ոչ թէ «Աղայեցի»-ն, ինչպէս կը կարդանք բնագիրին մէջ:

Օրմանեան մեծ խանդավառութեամբ ընդունած է Կոմիտասը: Ան ոչ թէ արգիլած է աշխարհիկ երգեր կատարել, այլ հանդիսութեան մը ընթացքին մեր հաւատքի սրբազնագոյն ծէսը` պատարագը դասել այլ երգերու շարքին: Այդ շատ հասկնալի է: Կոմիտաս հրապարակաւ չէ՛ պատռած հրահանգը, ընդհակառակն, պատարագը հանած է երգացանկէն:

Բնագիրին մէջ կան անճշդութիւններ, որոնք կը միտին մելո-տրամա ստեղծել: Ինչպէս նախպէս յիշած եմ, Կոմիտաս հրապարակաւ ոչ մէկ կոնդակ պատռած է: Մանուկ Սողոմոն դպրաց դասի անդամ էր: Դերձակեան պատահաբար չէր հանդիպած «բաժակը»  (իմա` գաւաթը) ձեռին երգեցիկ մուրացիկի: Մարգարիտի հետ եւս հանդիպումը պատահական չէր, որ` Կոմիտաս անցներ մի այլ փողոցով, էլ չհանդիպեր … ներողութիւն, տարուեցայ: Մարգարիտ 1902-ին Թիֆլիս էր, տեղեկացուած էր, որ Կոմիտաս հասած է Թիֆլիս եւ կը փափաքի նուագահանդէս մը տալ հսկայ սրահի մը մէջ հաւաքուած փոքր ընտրանիի մը համար: Մարգարիտէն կը պահանջուէր դասաւորել այդ ելոյթը: Կոմիտաս-Մարգարիտ յարաբերութեան մասին` աւելի ուշ: Ապրիլ 24-ին կալանաւորուած ընտրանին նախ Հայտար փաշա կայարանէն շոգեկառքով եւ ապա կառքերով փոխադրուած է, ոչ քալելով: Ըստ Թորգոմեանի եւ այլ վերապրողներու վկայութեան, Կոմիտաս արդէն իսկ ընկճուած էր, մեկուսացած, ոչ մէկ ձեւով կորով տուած է իր ընկերակիցներուն:

«Պահայէտտին պէյ» իմա` Պեհաէտտին Շաքիր ոչ թէ Անգարայի ոստիկանապետ էր, այլ` տխրահռչակ ոճրային «Թեշքիլաթի մահսուսէ»-ի (Յատուկ յանձնարարութիւններու ջոկատներ) ղեկավարը, իթթիհատական կարկառուն, ի դէպ, ոչ զինուորական անձնաւորութիւն մը: Կերպարը խցկուած է պարզապէս կիսագրագէտները «զարգացնելու» համար:

Կան նուազ կշիռ ունեցող, պարզապէս անփութութեան ցուցանիշ սխալներ, ինչպէս` Կուտինա (Քիւթահիա) քաղաք մըն է, ոչ «փողոց» մը: Քիւթահիա հռչակաւոր է իր նախշուն ճենապակիով: Գէորգ Դ.ի կենսագրականը գրած է Վահրամ Մանկունին, ոչ Մանքունին, Կոմիտասի տան օգնականին անունը Կարապետ է, ոչ Ասպետ: Թանզիմաթէն ետք հայերէն խօսիլ չէր արգիլուած, կը գործէին հայկական վարժարաններ: Թալէաթ առաջին շարքի փաշա մըն էր, ոչ «պայ» մը (իմա` «պէյ») եւ այլն, եւ այլն: Ֆրանսացի երաժշտագէտին անունը (Laloy) կը կարդացուի «Լալուայ», ոչ «Լալոյ: Ըստ երեւոյթին, Թոմասեան տարրական ֆրանսերէնի հարց ունի (oy = oi+i , oi = ուա):

Բներգները  միատարր չէին:  Այդտեղ կար նիւթերու ահաւոր առատութիւն, բայց ոչ` կուռ տրամաբանութիւն: Կ՛իմանանք, որ գործողութիւնները կը կատարուին մահուան սեմին գտնուող Կոմիտասի երեւակայութեան մէջ: Բարի՛: Այդ հնարքը բազմիցս գործածուած է հեղինակներու կողմէ:Կրնամ յիշել Ուիլիըմ Կոլտինկի տպաւորիչ «Փինչըր Մարթին»-ը, որ ամբողջութեամբ տեղի կ՛ունենայ խեղդամահ եղող նաւաստիի մը երեւակայութեան մէջ: Նկատել զուգահեռը. դէպքերը կը պատահին մեռնող գլխաւոր հերոսի երեւակայութեան մէջ: Լա՛ւ, ուրեմն ինչո՞ւ մեզի կը հրամցուին կենսագրական, բացատրողական տեսարաններ, որոնք ուղղուած են Քալիֆորնիոյ կիսագրագէտ հանդիսատեսը … եւ այժմ լիբանանահայ դպրոցականները մոլորեցնելու: Թէ ինչպէ՞ս, օրինակ, Դերձակեան պատուելի … ներողութիւն, վարդապետ, զինք «պատահաբար գտաւ», թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս «պատահաբար» հանդիպեցաւ «բնազդօրէն» գեղջկական երգ յօրինող Անահիտին, թէ ինչպէս Մաղաքիա … ներողութիւն, Կոստանեան (իր բացակայութեան) կը վատաբանէր, թէ ինչպէ՛ս Թորգոմեան եւ Դերձակեան (իր բացակայութեան) կը դաւադրէին` զինք թրքական բանակի հիւանդանոց փոխադրելու համար եւ այլն:

Այստեղ կարելի է նշել, որ մահուան շեմին Կոմիտասի (Աստուծոյ ուղղուած) մենախօսութիւնը կը յիշեցնէ խաչելութեան շեմին Գեթցէմանի պարտէզին մէջ տկարացող մարդ-Յիսուսի ասքը: Կը յիշեցնէ  յատկապէս «Jesus Christ Superstar» երաժշտական ռոք օփերան (1970): Թոմասեան վստահաբար իր երիտասարդ օրերուն քաջ ծանօթ էր առնուազն այդ օփերայի ժապաւէնին (Norman Jewison, 1973): Պատահական զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ դիտաւորեալ սրբազնացում:  Կոմիտաս կը  ներկայացուի որպէս սրբազան «սուփըրսթար»: Իսկ բացման տեսարանը քիչ մը ձեւափոխուած կրկնօրինակն է «Նոյ» ժապաւէնի բացման խօսքին (Darren Aronofsky, «Noah», 2014) որ թարգմանուած է Ուզպեքերէնի: Ա լա Աստուածաշունչի Գիրք Ծննդոց «Ի սկզբանէ լռութիւն էր» ո՛չ գրաբար է եւ ո՛չ աշխարհաբար: Շատ հաւանաբար կան նաեւ այլ փոխառութիւններ, որոնց անձնապէս ծանօթ չեմ: Դերձակեան-մանուկ Կոմիտաս պատահական հանդիպումը, օրինակ, գրեթէ նոյնութեամբ կը տեսնուի Արման Նշանեանի «Songs of Solomon» (2020) ժապաւէնին ծանուցողական երիզին մէջ (trailer): Հաւանաբար Թոմասեան եւ Նշանեան այդ առած են երրորդ աղբիւրէ մը, որուն ծանօթ չեմ … բարեբախտաբար:

Ելոյթին ընթացքին Կոմիտասի հիմնական մտասեւեռումներն էին` բացակայ մօր ստուերը, Չանքըրը կալանավայրը, Մարգարիտի հետ յարաբերութեան վերիվայրումները եւ հալածախտը:

Կոմիտաս իր մօր մասին որեւէ յիշողութիւն չի կրնար ունեցած ըլլալ, որովհետեւ որբացած է, երբ շուրջ մէկ տարեկան էր: Միակ վաւերական տեղեկութիւնը այն է, որ իրեն հետ Էջմիածին տարած է մօր լուսանկարը: Ամբողջ կեանքին ընթացքին մօր ֆիզիքական գալուստին սպասելու ցնորքը կը թուի հիմնուած ըլլար սիրողական հոգեբանական տեսութեան մը վրայ: Այլ խօսքով, Կոմիտասի հիւանդագին մտասեւեռումը թախծատրամային (մելոտրամա) յօրինուածք մըն է: Այդ ցաւօք կ՛ենթադրէ, որ Կոմիտաս ի սկզբանէ մտային խանգարում ունէր: Դրոյթը մը, որ որեւէ վաւերական հիմք չունի:

Կալանքն ու աքսորը  խորտակեցին Կոմիտասի մեծ յոյսերը: Կոմիտաս կ՛երազէր եւրոպական միջավայրի եւ մակարդակի երաժիշտ դառնալ: Այդ վաւերական է: Շա՛տ բարի: Այդտեղ կար այլ հարց: Անդադար քալելու յերիւրածոյ պատկերը կը կրկնէ Սիամանթոյի «Պարը»: Մինչեւ մահ պարելը փոխարինուած է մինչեւ մահ քալելով: Իսկ ամբոխի ոռնոցը` թուրք սպայի մահուան սպառնալիքներով: Բեմադրիչը իր կողմէ գնդակահարումը փոխարինած էր մինինիկ կերպընկալանման դաշոյն …. ներողութիւն, Սիամանթոյի «օձանման մերկ սուսեր»-ով:

Վարդապետի եւ Մարգարիտի` Շանթի ենթադրեալ սիրային յարաբերութիւնը իր կարգին ունի հանրածանօթ նախատիպ, Շանթի «Հին աստուածներ»-ը (1912): Այստեղ տարեց վանահայրն ու երիտասարդ աբեղան ձեւով մը միացած են Կոմիտասի կերպարին մէջ: Բայց փոխանակ իշխանուհիի օգնութեամբ եկեղեցի կառուցելու, բարձր դասի ներկայացուցիչ Մարգարիտի օժանդակութեամբ Կոմիտաս Եւրոպայի մէջ բարեկեցիկ … ներողութիւն, Մարգարիտի աջակցութեամբ կը կառուցուի «հայկական երգարուեստ»: Սայաթ Նովա … ինչեւիցէ:

Կոմիտասի հալածանքը եւս հաւաստի չէ: Ան հաւանաբար հանդիպած է իրեն հանդէպ ժխտական տրամադրուած մարդոց, բայց մեծ յարգանքի արժանացած եւ աշխատանքի հանգստաւէտ պայմաններ ունեցած է Էջմիածնէն մինչեւ Պոլիս: Այն տեսարանը, ուր Խրիմեան Հայրիկ արագ ու կտրուկ կը մերժէ Կոմիտասի առաջարկը, յերիւրուած է: Էջմիածին Կոմիտասի գալուստէն շատ առաջ հրատարակած էր երգարաններ: Մեծ յաւակնութիւններ ունեցող Կոմիտաս պարզապէս կը նախընտրէր հեռանալ Էջմիածնի նման կորած ու փոշոտ աւանէ մը:

Մարգարիտ Պապայեանի (1874-1968) բարձր դասի դուստր, լաւ պատրաստուած, շնորհալի, աշխատասէր երիտասարդուհի մըն էր: Ոչ միայն կ՛երգէր, այլեւ դասախօսութիւններ կու տար եւ լուրջ ուսումնասիրութիւններով կ՛աշխատակցէր հայ եւ օտար ամսագիրներու: Ինչպէս եւրոպական շատ մը երաժիշտներ, եւ ինչպէս Կոմիտաս, Մարգարիտ եւս հետաքրքրուած էր ազգային երաժշտութիւններով: Կ՛երգէր առնուազն վեց լեզուներով: Մարգարիտ օժտուած չէր, սակայն, գրաւիչ արտաքինով: Կոմիտասի հետ գործակցութիւնը սկսաւ 1904-ին, երբ Պապայեանները հաստատուեցան Փարիզ: Մարգարիտ ամուսնանալու ակնկալութիւններ առհասարակ չէր կրնար ունենալ: Կոմիտասի հետ սերտ յարաբերութիւնը երկուստեք նպաստաւոր էր: Մարգարիտ մեծապէս կը բարձրացնէր իր վարկը, իսկ Կոմիտաս ոչ միայն կ՛օգտուէր Մարգարիտի աշխատանքէն, այլ նաեւ` անոր ընկերային դիրքէն: Ինչպէս ելոյթին մէջ տեսանք, Մարգարիտի դաշնակահար քոյրը ամուսնացած էր ազդեցիկ երաժշտագէտ Լալուայի հետ: Մարգարիտ կարողացաւ ձեռք բերել այնպիսի հեղինակութիւն, որ մասնակցեցաւ «Լարուս» համայնագիտարանի հայկական երաժշտութեան գլուխի պատրաստութեան: Անհաւանական է, որ երկուքին միջեւ գոյացած է կրքոտ սիրոյ ցանկութիւն:

Յիշուած բոլոր յօրինուած բներգները կը ծառայեն թախծատրամ ստեղծել եւ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը շեղել Կոմիտասի ստեղծագործական աշխատանքի պատմական եւ գեղարուեստական բնոյթէն:

Լուրջ բացթողումներէն ամէնէն կարեւորը այն էր, որ ելոյթին մէջ բոլորովին ջնջուած էին Կոմիտասի ուսանողական տարիները Գերմանիոյ մէջ, մինչդեռ, ինչպէս տեսանք, Կոմիտաս այդտեղ կազմաւորուած է ե՛ւ երաժշտական, ե՛ւ գաղափարական իմաստով:

Լեզուական.- Թարգմանութիւնը եւ կարգ մը յապաւումներ կատարած է բեմադրիչը` Սուրէն Խտըշեան: Հայերէնի եւ հայ մշակոյթի իրազեկութեան խոցելիութիւնը ակնյայտ է: «Յարեաւ Քրիստոս», օրինակ, կարդացած է  «yarev Kristos», (կը թուի, թէ «կուկլած» է տառերու հնչիւնները), կ՛ըսէ, թէ Կոմիտաս կը ծրագրէր օփերա մը գրել` հիմնուած «Սասնայ Ծռեր»… «առասպել»-ի վրայ եւ այլն: Ակնյայտ է նաեւ Հին կտակարան-հրէական-անգլիախօս-աւետարանական բարբառը (Lord, helmet of salvation, «Տիրոջ» անիմանալի պատգամներ, եւն)(1):

Թարգմանութիւնը պատմական սխաներուն բարդած է լեզուականը:

Առաջին հերթին կը տեսնենք հայատառ թրքախօսութիւն` գլուխը դարձնել (զարմացնել), պառկիլ (քնանալ) , նայիլ (խնամել), ուզել (կարիք), երթալէն (հետզհետէ), այն ատեն (ուրեմն), լաւութեանդ համար, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, …

Թրքերէնի կողքին, կան նաեւ հայատառ արաբերէն դարձուածքներ` «Երգը չէ եղած, որ յաւիտեան ապրի», «իրականութեան մէջ», (ինչը) «քեզի մասնագէտ ըրաւ», «կամ» փոխան «թէ»-ի  եւ այլն:

Ապա կու գան սխալ թարգմանութիւնները. String of notes կը նշանակէ «ձայներու շարան», ոչ «նոթերու թել»,ձայնի Texture կը նշանակէ ձայնի որակ, ոչ «յօրինուածք», Ritual-ծէս, ոչ «նշան», Fabric-հիւսուածք, ոչ «էութիւն», Transcend-վերանալ, ոչ «շրջանցել», I wonder-արդեօ՞ք, ոչ «կը զարմանամ», Hopeful-ցանկացող, ոչ «յուսալի», Valour-արիութիւն ոչ տաղանդ, Obligation-պարտաւորութիւն, ոչ նուիրում, I end up with-կը ստանամ կամ կ՛ունենամ, ոչ «կը վերջանամ» եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, … Այստեղ հարց կու տամ. «Կը զարմանամ», դերակատարները կը հասկնայի՞ն «կամ» իրենք ի՞նչ կ՛արտասանեն …

Բառերու գործածութեան սխալներ ալ կան: Այսպէս, երգչախումբը կը ղեկավարեն, չեն կառավարեր, գեղջկական մեղեդիները կ՛արձանագրեն, ոչ թէ կ՛ընդօրինակեն, հոգեւոր երգեր, ոչ թէ հոգեւորական, ոսկի շողերով պատրանք, ոչ «շողշողուն ոսկիներով», ամբաստանող, ոչ «ամբաստանեալ», դիմադրել, ոչ «դիմագրաւել»,  բարելաւուիլ, ոչ «աւելի լաւանալ», ճշգրիտ, ոչ «ճիշդ», ի նպաստ, ոչ «հաշուոյն», եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն, …

Ի՞նչ կը նշանակեն, օրինակ,  «ալիքներու մեղմ շառաչ», «ծփացող ալիքներ» (իմա` ծփծփացող) , «դուն զինք պիտի սորվեցնես», «կարճ երկվայրկեան», «հին ուսուցիչ», «արքայութեան շշուկներ»(իմա` երկնային), « Չորս ներդաշնակութեամբ երգչախումբ», եւ այլն, եւ այլն, …

Հայերէն բնագրին մէջ Կոմիտասի բանաստեղծական երկտողը

Քեզ չըսիրե՞լ, գեհեն կորել    
Ու կըրակով հոգին փորել:

«պարզացուած» եւ բացատրուած էր.

Քեզ չսիրե՞լ: Այսինքն ըլլալ դժոխասոյզ
Հոգի՛դ վառել հուր-կրակով, Այնուամենայնիւ քեզ սիրել:

«Բացատրութիւնը» կը խողխողէ բանաստեղծութիւն մը: Չէր պահպանուած նաեւ ոտանաւորի յանգը` 4+4: Բարեբախտաբար բեմադրիչը զեղչած էր այս ներդրումը: Հեղինակը իր կարգին Քալիֆորնիոյ հանդիսատեսին կու տայ անհրաժեշտ «բացատրութիւններ», օրինակ, թէ ո՛վ է Արշակ Չոպանեան:

Թրքերէն թարգմանութիւնը Պուրճ Համուտի խօսակցական մակարդակի էր: Շարականը «շարխը» չէ (մեղա՛յ, Տէր): «Էրմէնիճէ», ոչ «էրմէնճէ»: Աքսորել «սիւրմէք» է, ոչ «տէֆ էթմէք»:  Խոնարհումները եւս սխալ էին  «ալմիաճա՛ըզ», ոչ ալմիճազ» (պիտի չառնենք), «աթէշ աչաճա՛ըզ», ոչ «աթէշ աչիճազ» (պիտի կրակենք), «սատիք վաթանտաշ» (հաւատարիմ), ոչ «օնուրլու» (պատուաւոր): Հայեր վաստակած էին «միլլեթի սատիք», ոչ պատուաբեր մակդիրը: Շարունակենք, «Իյի» ոչ «Էյի» (լաւ), «Պալեհ» արաբերէն է, ոչ թրքերէն (ժխտական հարցումի դրական պատասխան): «Քաֆուր» բժշկական բոյս մըն է, որ կը ծառայէ …

Կան առնուազն յիսուն այլ շեղումներ: Հետաքրքիր ընթերցողը կրնայ ստանալ աւելի ամբողջական ցուցակը:

Այս շեղումներու կողքին, կար նաեւ անտեսում: Երաժշտութեան վերաբերեալ Կոմիտասի կարգ մը խօսքերը պարզապէս չէին թարգմանուած:  Նշելու կարիք չկայ, որ գեղջկական եւ այլ բարբառները պարզապէս բացակայ էին: Մեծ մօր բաժնին մէջ, արհեստական դիւրին խցկումներու կողքին (եաւրում, շորպա եւ այլն), կային անծանօթ առածներ, օրինակ` «Պալճանդ կեր, որ չկուրնաս»: Արդեօք սմբուկի, արեան գերճնշումի եւ տեսողական խաժախտի (glaucoma) յարաբերութիւնը ծանօ՞թ էր տատիկին: Բժշկութիւնը միայն վերջերս յայտնաբերած է այդ:

Բնագիրին մէջ տեղ գտած են նաեւ մասնագիտական վրիպումներ: Երկրորդ արարի առաջին տեսարանին մէջ Կոմիտաս երգչախումբը կը մարզէ: Կու տայ հետեւեալ հրահանգը. «Բոլորդ, բոլորդ ալ ձեռքերնիդ բռունցքի վերածեցէք: Շա՛տ լաւ, հիմա այդ բռունցքը ձեր  բերնին մէջ դրէք: Ամբողջ բռունցքը  պէտք է ձեր բերնին մէջ բաւէ … ճիշդ ա՛յդպէս բացէք ձեր բերանը: Սկիզբէն պիտի սկսինք:»

Երգը հիմնուած է ձայնաւորներու վրայ: Կան երեք հիմնական ձայնաւորներ` Ա, Ի, եւ Ու: Այս ձայնաւորներէն միայն «Ա»-ն կարելի է երգել բերանը շատ լայն բանալով (2): Թերահաւատ ընթերցողը կրնայ անմիջապէս այդ փորձել: Ինչպէս տեսանք, Կոմիտասի դրոյթներէն մէկը այն է, որ երաժշտութիւնը կը հիմնուի բառերուն վրայ: Բայց երբ բերանը լայն բացուած է (երաժշտական բարբառով` բարձրախօսի նման) կը կորսուին ձայնաւորները եւ, հետեւաբար, կը կորսուի խօսքը: Նման հարց կայ նաեւ ձայնի բարձրութեան (ուժգնութեան) վերաբերեալ: Այդտեղ կը կորսուին ԲՈԼՈՐ ձայնաւորները: Այդ պատճառով օփերայի արիաները յաճախ անհասկնալի են: Բառերը հանդիսատեսին ցոյց կը տրուին ելեկտրական տախտակի մը եւ կամ այլ որեւէ միջոցով:

Թամար Շահնազարեան` հիմնուած Մարգարիտ Պապայեանի յուշերուն վրայ, հեղինակած է «Կոմիտասի տասը պատուէրները երգիչին»: Այդտեղ շատ հասկնալիօրէն որեւէ թելադրութիւն չկայ բռունցքը բերան խոթելու:  Մարգարիտ Պապայեան իր յուշերուն մէջ կ՛ըսէ, որ Կոմիտաս կարդացած էր նաեւ կոկորդաբան A Wicart -ի գործերը, կարելի չէ, որ նման անհեթեթութիւն դուրս տար: Նախընտրելի էր, որ հեղինակը փոքրիկ ուսումնասիրութիւն կատարեր նախքան Կոմիտասի դերակատարը եւ երգչախումբը մատնելու բռունցքը բերան խոթելու նման թիւր եւ ծիծաղելի կացութեան: Բեմադրիչը հաւանաբար այդ պատճառով իսկ զեղջած էր այդ տեսարանը: Բարի՛:

Շարունակելի:

  1. Կոմիտաս.- «I want to honor our Lord but I don՛t always know what he wants from me.»
  2. Հետաքրքիր ընթերցողին համար.- Բերնի եւ կոկորդի խոռոչին ձեւը կ՛որոշէ ձայնի որակը: Ձայնալարերը կը խաղան, օրինակ, ջութակի մը սիղին դերը, իսկ խոռոչը` ջութակի մարմնին: Ի տարբերութիւն նուագարաններէ, երգիչը կրնայ փոխել իր «նուագարանի» ձեւը, հետեւաբար եւ որակը: Խոռոչի ձեւը կը զօրացնէ (amplify) կարգ մը թրթռացումներ որոնք կը կոչուին «Ձեւաւորող» (Formant): Տուեալ ձայն մը կարելի է ներկայացնել որպէս «կէտ» մը բազմատարածաչափային միջոցի (multidimentional space) մը մէջ: Դժբախտաբար կարելի է գծապատկերներ պատրաստել միայն երկու տարածաչափային, այսինքն տափակ էջի մը վրայ: Մօտ ութսուն արհեստավարժ երգիչներու օգնութեամբ չափումներ կատարուած են (3): «Ձեւաւորող» թրթռացումները կը համապատասխանեն «վրան»-ներու գագաթներուն, իսկ գծիկները` ձայնային լարերու արտադրած թրթռացումներուն: Կը տեսնենք որ ձայնային խոռոչի ձեւը հիմնովին կը փոխէ գծապատկերը (ձայնաւորը): Այս մասին կան ընդարձակ ուսումնասիրութիւններ եւ նոյնիսկ դոկտորական աւարտաճառեր (3, 4): Ի դէպ իմ աւարտաճառս կը վերաբերէր ձայնի տարածման ծակոտկեն միջոցի մը մէջ գտնուող գերհեղուկ ջրածինի (Superfluid He4) որ արտազգայնական (extrasensory) յատկութիւններ ունի:
  3. Ingo R. Titze et al «A Formant Range Profile for Singers», J. Voice 5 May 2017 N. Henrich, J. Smith, and J. Wolfe, «Vocal tract resonances in singing: Strategies used by sopranos, altos, tenors, and baritones», Journal of the Acoustical Society of America, 2011, 129(2)
  4. Huber, «Voice Conversion by modelling and transformation of extended voice characteristics», Ph. D. dissertation, 2015