Բարելաւելով Հայաստանի Մէջ Առողջապահութիւնը. Կրնա՞յ Սփիւռքի Աշխատանքը Աւելի Արդիւնաւէտ Ըլլալ

Հայաստան, Սփիւռք

Նիւ Ճըրսիի Hackensack համալսարանի բժշկական կեդրոնին մէջ, Փետրուար 1-ին, տեղի պիտի ունենայ «Բարելաւելով Հայաստանի մէջ առողջապահութիւնը. կրնա՞յ Սփիւռքի աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ» խորագիրով համաժողով, որ կը  կազմակերպուի Առողջապահութեան ոլորտի ամերիկահայ մասնագէտներու կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ:

Հաւաքին ներկայ պիտի գտնուի եւ զեկուցումով հանդէս գայ գրասենեակի ղեկավար Սառա Անճարկոլեան: Հինգ նիստերու ընթացքին պիտի քննարկուին ոլորտի առաջնահերթութիւնները, այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Սփիւռքի համագործակցութեան զարգացումը, Հայաստանի մէջ առողջապահութեան որակական յատկանիշները, ոլորտային կրթութեան մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները, ձեռնարկուելիք քայլերը: