Հրանդ Տինքի Մահուան Տարելիցին Առիթով Կազմակերպուած Ձեռնարկներ

Աշխարհ, Սփիւռք

«Ակօս» թերթի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի մա­հուան 13-րդ տա­րելի­ցին առի­թով զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ կը կազ­մա­կեր­պո­ւին, թէ երկրի մէջ եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նի բազ­մա­թիւ կեդ­րոննե­րու մէջ։ Սո­վորա­բար Տին­քի ըն­տա­նիքը շի­րիմին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող կրօ­նական արա­րողու­թիւնով կը յի­շատա­կէ Հրան­դը։ Իսկ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ կը ձեռ­նարկեն զա­նազան ասու­լիսներ։

Այս տա­րի ալ գլխա­ւոր յի­շատակ­ման կար­գադրու­թիւնը պի­տի ըլ­լայ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջեւ 19 Յու­նո­ւար 2020 թո­ւակա­նին ժա­մը ճիշդ 15.00-ին։

Բա­ցի այդ, 16 Յու­նո­ւար Հինգշաբ­թի, «ՏուրՏէ» հար­թա­կը հա­մագոր­ծակցե­լով հա­կակա­պիտա­լիս­տա­կան մուսլու­մաննե­րու, ասու­լիս մը կը կազ­մա­կեր­պէ Ճէ­զայիր շէն­քի մէջ։

Յա­ջորդ օր 17 Յու­նո­ւարին «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան «Եսա­յեան» սրա­հին մէջ պի­տի բա­նախօ­սէ Ու­մութ Թիւ­մայ Աս­լան։

19 Յու­նո­ւարին Պէ­յօղ­լու «Հան­ճը» անուն վայ­րի մէջ Հրան­դի յի­շատա­կին ձօ­նուած հա­մեր­գով մը բեմ պի­տի ել­լէ «Ոմանք» երաժշտա­կան խումբը։

Նոյն օր Պոտ­րումի մէջ ալ Հե­րոտո­թի անու­նը կրող մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ իրա­ւաբան Էն­կին Ճին­մէ­նի կող­մէ պի­տի ներ­կա­յացո­ւի մի­ջոցա­ռում մը, որուն մաս­նակցու­թիւն պի­տի բե­րեն Սիլ­վա Էօզ­յէրլի եւ Թայ­ֆուն Աթայ։

Պոլ­սա­հայ Միու­թիւնը աւան­դութիւն դար­ձուցած է ամէն տա­րի դար­ձեալ ասու­լի­սով մը յի­շատա­կել Հրանդ Տին­քը։ Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ Կա­րօ Ղա­զարեան, Թա­մար Նալ­ճը, Ռոյ Առա­քելեան եւ Բագ­րատ Էս­դուգեան ելոյթ պի­տի ու­նե­նան Հրանդ Տին­քի որ­դեգրած առա­քելու­թեան մա­սին։

Նոյն օր Հա­րուար­տի մէջ ալ պի­տի կա­յանայ մի­ջոցա­ռում մը, ուր այս ան­գամ ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ ըն­կե­րաբան Յով­հաննէս Քը­լըչ­տաղ։

Գեր­մա­նիոյ մէջ նա­խորդ տա­րինե­րուն մի­ջոցա­ռումնե­րուն ալ վայրն էր Մաք­սիմ Կոր­քի թատ­րո­նը ու այս տա­րի ալ Թուրքիայէն, Վրաս­տա­նէ եւ Հա­յաս­տա­նէ եկած արո­ւես­տա­գէտ­ներ բեմ պի­տի բարձրա­նան։ Բա­ցի այդ պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւին նաեւ Հրանդ Տինք հիմ­նադրա­մի անձնա­կազ­մէն Զէյ­նեփ Թաշ­քըն եւ «Յու­շա­մատեան»էն ալ Վա­հէ Թաշ­ճեան։

Գա­նատա­յի մի­ջոցա­ռու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Օտտա­ւայի մէջ, ուր Սեն Լաուրս Հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Հովրդ Էյ­զընսթատ պի­տի բա­նախօ­սէ «Օս­մա­նեան կայսրու­թեան մէջ ազ­գայնա­կանու­թիւնը եւ ար­դի Թուրքիան» նիւ­թով։

Նոյն օր պի­տի կա­յանայ պա­րի բե­մադ­րութիւն մը, Կիւլսիւն Օտա­պաշի կար­ճա­մեթ­րաժ մէկ ֆիլ­մը եւ Կա­րօ Ալ­թը­նայի երաժշտա­կան ունկնդրու­թիւնը։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23473/13-amyeagi-michvotsarumnyeri