Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութեան Հայաստանի Խումբի Մասնագէտները Հալէպի Հիւանդանոցին Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած Են

Աշխարհ, Հայաստան

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող հայկական խումբի մասնագէտները, Յունուար 16-ին, Հալէպի հիւանդանոցին փոխանցած են դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Նազելի Էլբակեան:

Սուրիական կողմը մէկ անգամ եւս նշած է հայկական մարդասիրական խումբի գործունէութեան կարեւորութեան մասին եւ երախտագիտութիւն յայտնած:

Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի բժիշկները 2019 Փետրուար 8-էն մինչեւ 2020 Յունուար 16 հետազօտած եւ բուժած են 13,680 հիւանդ: Սակրաւորները ականազերծած են 126 հազար քառակուսի մեթր տարածք:

Մարդասիրական առաքելութիւնը կը շարունակուի: