Ոչ-Պաշտօնական Տուեալներով, Ազրպէյճան Ունի Շուրջ 10 Հազար Սպաննուած

Ազրպէյճանի բանակը, այս պահուն, ոչ-պաշտօնական աղբիւրներու տուեալներով՝ ունի շուրջ 10 հազար սպաննուած եւ շատ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ ազրպէյճանցի օգտատէրեր կը փորձեն […]

«Ղարաբաղի Տագնապը Պայքար Չէ Տարածքի Համար, Այլ Անիկա Սկսած Է Ցեղային Առճակատումէ». Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս ունի, որ Միացեալ Նահանգները պիտի օգնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման։ «Թասս»ը կը հաղորդէ, որ Փութին այս մասին յայտնեց «Վալտայ» ակումբին մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին։ […]

Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Անդամները Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Մէջ Ցեղասպանութեան Վտանգ Կը Տեսնեն

Հայ եւ օտար աւելի քան վաթսուն յայտնի ցեղասպանագէտներ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Genocide Scholars) անդամները՝ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն: Այս […]

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Քննեց Արցախի Մէջ Զինադադարի Վերահսկողութեան Հարցը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը քննարկեց Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, խորհուրդի դռնփակ նիստէն ետք յայտնեց ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա: «Այժմ անհրաժեշտ է ապահովել զինադադարին […]

Նոր Հարաւային Ուէյլս Նահանգի Օրէնսդիր Ժողովը Ճանչցած է Արցախի Անկախութիւնը

Աւստրալիոյ ամենամեծ նահանգներէն մէկուն` Նոր Հարաւային Ուէյլսի Օրէնսդիր ժողովը 61 կողմ ձայնով պաշտօնապէս ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:  Խորհրդարանականները դատապարտած են նաեւ Ազրպէյճանի […]

Մնացականեանը Լաւրովի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած է Կայուն Հրադադարի Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը մանրամասներ ներկայացուցած է Մոսկուայի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրովի հանդիպման վերաբերեալ: ՀՀ ԱԳՆ հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի եւ […]

ՀՀ Կառավարութիւնը Արգելք Դրած է Թրքական Ծագում Ունեցող Ապրանքներու Ներմուծման Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, իր 2020 Հոկտեմբեր 20-ի թիւ 1708-Ն որոշումով, ժամանակաւոր արգելք դրած է թրքական ծագում ունեցող վերջնական սպառման ապրանքներու ներմուծման վրայ: Արգելքը ուժի մէջ կը մտնէ 2020 Դեկտեմբեր 31-ին: […]

Միջազգային Հանրութեան Այլ Ընտրութիւն Չի Մնար, Քան Ճանչնալ Արցախի Անկախութիւնը. ԱՄՆ Ծերակուտական

ԱՄՆ ծերակոյտի անդամ Էտուըրտ Մարքէյ կոչ ըրած է ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ծերակուտականը ԼՂ հարցի կարգաւորման վերաբերեալ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ: Էտուըրտ Մարքէյ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին […]

Նախագահ Սարգսեան Մեկնած է Պրիւքսէլ` Հանդիպելու Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի Ղեկավարներուն

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցով մեկնած է Պրիւքսէլ: Այցի ընթացքին կը նախատեսուին Արմէն Սարգսեանի հանդիպումները ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար ՀԵնս Սթոլթենպերկի, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր […]

Ամերիկահայ Երիտասարդները Իսրայէլի Կառավարութեան Կոչ Ըրին Դադրեցնելու Աջակցիլ Թուրք-Ազրպէյճանական Ահաբեկիչներուն

Նանէ Աւագեան «Ասպարէզ» Լոս Անճելըսի մէջ Իսրայէլի գլխաւոր հիւպատոսարանին առջեւ, ամերիկահայ երիտասարդները պահանջեցին Իսրայէլի կառավարութենէն դադրեցնելու զինել Թուրքիան, Ազրպէյճանն ու անոնց կողմէ հովանաւորուող ահաբեկիչները: «Այստեղ ենք, մեր բողոքի ձայնը բարձրացնելու […]