ԱՄՆ-էն Կը Պահանջենք Պաշտպանել Արցախի Հայ Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը. Յայտարարութիւն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կը մերժէ դիւանագիտական բանակցութիւններու ճամբով Արցախի մէջ ընթացող մարդասիրական ճգնաժամը  կասեցնելու կամեցողութիւն դրսեւորել, մենք լիովին համոզուած ենք, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտութիւնը կասեցնելու միակ միջոցը համահայկական միաւորուած ճիգերով  մեր նախահայրերու հայրենիքը պաշտպանելն է:

Մենք, իբրեւ ԱՄՆ արեւելեան շրջանի ամերիկահայութեան ներկայացուցիչներ, մեր ամբողջական աջակցութիւնը արտայայտելով՝ կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքին, որ առաւելագոյն զոհաբերութեամբ ոտքի կանգնի ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի արդար յաղթանակին, ընդդէմ մեզ ոչնչացնելու նպատակին շուրջ միաւորուած ուժերուն:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կը պահանջենք, որ պաշտպանեն ժողովրդավարական արժէքները եւ Արցախի հայ բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը: Միացեալ Նահանգները պարտաւոր են պատժամիջոցներ կիրառելու ընդդէմ Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական

ԿազմակերպութիւնՌամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Ցանց

Հայ Օգնութեան Միութիւն

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէ

Հայ Ուսանողական Հիմնարկ

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմ

Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Վարդանանց Ասպետներ

Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն