Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Վարձկան Գրոհայինները Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Գօտիէն Անյապաղ Դուրս Բերելու Կոչ Ըրած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ ԱԳ փոխնախարար Օլէկ Սիրոմոլոտովը եւ Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպան Վարդան Տողանեանը Ուրբաթ օր ընդգծած են գրոհայինները Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն իրավիճակի շարունակական սրման վերաբերեալ։

«Ընդգծուած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շարք մը երկիրներէ ապօրինի զինուած կազմաւորումներու գրոհայինները տարածաշրջան տեղափոխելու անընդունելի ըլլալը եւ այնտեղէն անոնց անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը»,- նշուած է ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ: