Երկար Տեւեց, Բայց… Պիտի Յաղթենք «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Այո՛, այդպէս է:
Այս պատերազմը երկարեցաւ, կրնայ տակաւին երկա՜ր տեւել, բայց աւարտին՝ պիտի յաղթենք:
Սուրբ հողին բանալիները յանձնելու՝ «Անին ծախուեցաւ»-ին կրկնութիւնը պիտի չկատարուի:
Պատերազմին տեւողութիւնը կանխատեսելի չէ: Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւը առաջին օրն իսկ, Սեպտեմբեր 27-ին, յոխորտանքով եւ մեծամտութեամբ յայտնած էր, թէ «քանի մը օրէն» իր «հերոս» բանակայինները նախաճաշը Ստեփանակերտի մէջ պիտի ընեն, սակայն «տան հաշիւը» ռազմաճակատին վրայ սխալ դուրս եկաւ:
Գրեթէ ամիս մը անցած է այդ օրէն ետք, եւ Ստեփանակերտի մէջ թէ արցախեան այլ օճախներուն՝ նախաճաշը կը սպասարկուի տեղւոյն հայ զինուորին ու ապաստաններու մէջ բնակութիւն հաստատած բնակիչներուն:
Եթէ վայրկեան մը բաղդատենք բռնատէր Ալիեւի նախաճաշի զեխ սեղանը, շրջապատուած՝ համարատու եւ հլու կամակատար սպասեակներով՝զինուորական տարազով զգեստաւորուած Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գաւաթ մը սուրճին հետ, հայոց բանակին խումբ մը քաջ արիներու կողքին… Որքա՜ն տարբերութիւն:
Ատրպէյճանի զօրասիւնները ո՛չ միայն հարուած ստացան եւ չկրցան յառաջանալ, այլ բազմիցս ստիպուեցան նահանջել:
Այսօր, իրական պատկերը ցոյց կու տայ, որ եթէ «ամէն ճամբայ Հռոմ» կը տանի, այդ ճամբան ո՛չ Ստեփանակերտէն կ’անցնի, ո՛չ ալ Ստեփանակերտ կը տանի: Ստեփանակերտը մինակ չէ, այլ ամէն մէկ ափ հող, ըլլայ այդ մէկը բարձունք, թէ ձոր կամ հարթ հաւասար շաւիղ, փակ է ու փակ պիտի մնայ ազերիին առջեւ:
Թշնամին, անօդաչու սաւառնակներու կողքին, գործի լծած է նաեւ ինքնագործ հրասայլեր…: Բացայայտ է որ անոր տրամադրութեան տակ եղող հրասայլերուն եւ անձնակազմին մէկ մեծ մասը զոհը դարձած է արցախցիի հրետանիին…
Ալիեւի բանակը այնքան զինուոր եւ վարձկան ոճրագործ կորսնցուցած է, որ հաւանաբար ան միլիոններ պատրաստ է մսխելու համակարգչային ընկերութիւններու հետ, անշունչ ելեկտրոնային վարձկաններ՝ ռոպոթներ պատրաստելու համար, սակայն հոս ալ արդիւնքը պիտի մնայ անփոփոխ:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ, ոչ ոք կրնայ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ պատրաստել: Հողին կառչած եւ յանուն հայրենի հողին համար պայքարող, նահատակուող զինուոր կարելի չէ «շինել», ո՛չ փայտէ, ո՛չ պողպատէ, ո՛չ ալ յախճապակիէ: ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐը կը թրծուի, յատուկ դաստիարակութեամբ, հիւլէով եւ աւիշով:
Հայ զինուորին, կամաւորին բարձրացուցած դրօշը, անոնց արիւնով նոր սրբագործումի արժանացած մեր դրօշը գետին պիտի չձգուի պայքարող յետնորդներուն կողմէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս մէջ կայ ու պիտի ապրի հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող եւ դեռ անկէ առաջ ալ դիմացած ու գոյատեւած արիներու կամքն ու ոգին,
Պինդ ու յամառ դրօշակիրներն ենք, ճակատներուն վրայ թէ թիկունքին: