Թշնամական Ուժերը Կը Ռմբակոծեն Մարտակերտը

Աշխարհ, Հայաստան

Այս պահուն թշնամական ուժերը կը ռմբակոծեն Մարտակերտը։ Քաղաքի վրայ կը կիրառուի ռազմական օդանաւ։ Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

Կէսօրին, ժամը 14։20-ի սահմաններուն, թշնամին գրադ կայանքէ հրթիռակոծած է Քաշաթաղի շրջանի Քարեգահ համայնքի տարածքը, այնուհետեւ Քարեգահ-Բերձոր ճանապարհահատուածը։

Նիւթական վնասներէն բացի` խաղաղ բնակչութեան մէջ տուժածներ չկան։

ԱԻՊԾ տեղեկութիւններով՝ տարածքին մէջ ռազմական որեւէ կեդրոն չկայ։