Համաշխարհային Բժիշկը, Քարիւղի Ամանը Միշտ Ետեւը Պահած Կը Պտտի. Լեռ Կամսար

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Լեռ Կամսար, 1922թ․

Ահա ձեզի հիւանդանոց մը, որ կը կոչուի Եւրոպա։ Քով-քովի անկարգ ձեւերով գետնի վրայ տարածուած են պետութիւնները, ամէնքն ալ փորացաւէ մը բռնած՝ կը մռռան, կը գալարուին։

Այս բազկատարած գալարումներուն ատենն է, որ իրարու քիթը կարիւնեն կամ մէկի աչքը կը հանեն, եւ ասիկա դիւանագիտական բարբառով “քոնֆլիքդ” կը կոչուի։

Վա՜յ է, թէ մէկը մեռնի այդ դժբախտ հիւանդներէն. իսկոյն անօթի գայլերու նման վրայ կը հասնին, ինչ ձեռքն իյնայ՝ բերանը կը խոթեն։

Այս հիւանդանոցի հսկող միակ սրտացաւ բժիշկը Ամերիկան է, որուն տունը թէեւ շատ հեռու է, բայց Երեւանի բժիշկներուն նման կառք չի պահանջեր քեզմէ, ան իր նաւը կը հեծնի կու գայ։ Իբրեւ վիզիթի վարձ ոսկի կ՝ուզէ, բայց աւելի շատ նաւթ (քարիւղ) կ՝առնէ։ Գրեթէ նաւթի ամանը միշտ ետեւը կախած կը պտտի. մէկին գործ մը տեսաւ թէ չէ՝ իսկոյն “Խնդրեմ ամանս լեցուր” կ՝ըսէ։

Աշխարհի բոլոր “քոնֆլիքդ”ները Ամերիկայի դեղահատով կը լուծուին ու դեղահատը բաղկացած է 2 անգլիական կարծիքէ, մէկ ու կէս ֆրանսական, մէկ իտալական՝ լուծուած երեք բաժակ ամերիկեան կարծիքի մէջ։

Բայց Ամերիկան, սա համաշխարհային բժիշկն ալ զերծ չէ հիւանդութենէ։ Ուրոյն հիւանդութիւն մը ունի, որ Մոնրոյի օրէնք կ՝ըսուի ու յաճախ անկողինը կը նետէ զինքը։ Այս հիւանդութիւնը, նկատուած է, որ կը բռնէ Ամեիկային այն պահերուն, երբ աղքատ, նաւթազուրկ հիւանդի մը վրայ կը կանչուի։ Այսպէս, երբ չորս տարի առաջ, կէս գիշերին յանկարծ Հայաստանին սանճին բռնեց եւ անկախութիւն կ՝ուզէր, 14 անգամ մարդ ղրկեց Ամերիկայի ետեւէն՝ չեկաւ, չեկաւ առարկելով թէ Մոնրոն պատուիրեր է տունէն դուրս չելնել։ Իսկ այսօր, երբ Անգլիան կը կանչէ Մոսուլի նաւթը կիսելու՝ քրտնաթաթախ, ոտաբոբիկ, փանթալոնին կոճակները վեր ձգելով կը վազէ, դէմն ելած Մոնրոյի օրէնքը ոտով գետինը գլորելով…