Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Նշուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Անուանակոչութեան Տօները

Հայաստան, Սփիւռք

Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ նշուեցան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան եւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան տօները, Կիրակի, 31 Մայիս 2026-ին: Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:

Յընթացս սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առաջնորդութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ աղօթքներու արտասանութեամբ, աւետարանական ընթերցանութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ կատարեցին Գոհաբանական մաղթանքի արարողութիւնը:

Յաւարտ սուրբ պատարագին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` դպրեվանքի աշակերտներուն կազմակերպութեամբ: Մայրավանքի կիրակնօրեայի աշակերտները դահլիճը զարդարած էին իրենց ձեռքին բռնած Եռագոյն եւ Արցախի դրօշներով, հայկական աշխարհի պատմական սրբավայրերու նկարներով եւ վեհափառ հայրապետին նկարներով: Մովսէս աբղյ. Եօսուլքանեան ուղերձ ընթերցեց յանուն միաբանութեան:

Վեհափառ հայրապետը պատգամը սկսաւ` արտասանելով Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ»-ի վերջին տունը` դիտել տալով, որ յաճախակի առիթներով իր հրապարակային խօսքերուն ընթացքին կը յիշէ այն տողերը, որպէսզի ժողովուրդը հրաւիրէ իր ոգու պարտքը տալու, մանաւանդ երբ հայրենիքը, ազգը եւ եկեղեցին կը դիմագրաւեն տագնապներ, եւ ընդգծեց, որ հայ ըլլալ կը նշանակէ «ոգու պարտքը տալ»: