Ծերակուտական Մենենտես Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ Սպառազինութիւններու Վաճառքը Դադրեցնելու Բանաձեւեր Ներկայացուցած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Ծերակուտական Պոպ Մենենտես ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցած է երկու բանաձեւեր, որոնցմով կոչ կ՛ընէ դադրեցնելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին սպառազինութիւններու վաճառքը: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

«Հայ ժողովուրդի դէմ Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակումները՝ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ, արդէն յանգեցուցած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղ բնակիչներու ցաւալի զոհերու եւ մարդու իրաւունքներու սարսափելի խախտումներու: Միացեալ Նահանգները չի կրնար շարունակել օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան եւ սպառազինութեան ոլորտին մէջ, քանի որ անոնք երթալով աւելի ու աւելի կը հեռացնեն տարածաշրջանը խաղաղութենէն»,- յայտարարած է Մենենտես:

Ան նշած է, որ այդ երկու բանաձեւերը պիտի կանգնեցնեն վաճառքը երկու կառավարութիւններուն, որոնք իրենց անվտանգութեան ուժերը կ՛օգտագործեն անմեղ մարդոց վնաս հասցնելու համար: