Դիմագրաւելով Երկրորդ Առաջնագիծը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պատերազմի թէժ օրերն են եւ թշնամին իր ռազմական կարողականութիւններու ողջ հեղեղով կը բախի մեր սահմաններուն իր դէմ գտնելով մեր բանակն ու մեր հզօր զինուորը, մեր հերոսական ժողովուրդն ու մեր հրամանատարութեան տոկուն ռազմավարութիւնը։ Մինչ հայը կը կռուի իր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ իր գոյութեան համար, թշնամին կը կռուի ջարդելու, քանդելու, քաղաքակրթութիւն բնաջնջելու եւ մեր երկիրը իւրացնելու անասնական ախորժակներով։ Հայաստանն ու Արցախը, իրենց յամառ գոյութեամբ, կը խոչընդոտեն թշնամիի փանթուրքիստական յառաջխաղացքը դէպի արեւելք եւ թշնամին կ՚ուզէ ոչնչացնել այդ խոչընդոտը։ Այդ խոչընդոտը մենք ենք։ Եւ մենք այս մարտահրաւէրին առջեւ նահանջելու իրաւունք չունինք։ Թուրքեւազրպէյճանական յարձակողականը – կարեւոր չէ, թէ քանի՜ հազար այլանդակ վարձկաններով համալրուած — փուլ պիտի գայ ամէն գնով եւ ամէն օր։ Հայ զինուորը այս պատերազմը պիտի շահի։ Թէկուզ անհուն զոհաբերութեամբ եւ ծով արիւնո՛վ։ Ան պիտի շահի։ Հետեւաբար կը կրկնենք Պր. Վարչապետին հետ։ ԱՐՑԱԽԸ, ԲԱՆԱԿԸ, ԶԻՆՈՒՈՐԸ, ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԸ։ ԱՐՑԱԽԸ, ԲԱՆԱԿԸ, ԶԻՆՈՒՈՐԸ, ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԸ։ Մենք ազգ-բանակն ենք եւ մեր կռիւը ազգին համայնական կռիւն է։ Ու նաեւ ՄԱՐԴՈ՛ՒՆ համայնական կռիւը՝ դասալիք աշխարհակարգի մը մէջ՝ որ ցարդ կը տատամսի իր պատասխանատւութիւնները ստանձնելու թրքական ֆաշիզմի գոռոզ յաւակնութիւններուն դիմաց։

Ասիկա հայութեան կուռ եւ ամբողջական միասնականութեան ժամն է։ Եւ մեր ժողովուրդը — ՊԱՏԻ՛Ւ ԻՐԵՆ — վայրկեաններու ընթացքին կրցաւ կոփել այդ միասնականութիւնը։ Ան չ՚ըսպասեց օրհասին։ Չ՚ըսպասեց կոչերու։ Մեր քաղաքական ուժերը սրբեցին ամէն ուրիշ առաջնահերթութիւն եւ փութացին ռազմաճակատ մեր հաւաքական կեանքի ճգնաժամը սանձելու։ Հերոսներու ազգն է ասիկա դէմ յանդիման թուրքեւազրպէյճանական հորդաներուն եւ զանոնք ջախջախելու եւ ռազմադաշտը այդ հորդաներէն միանգամընդմիշտ մաքրելու վճռակամութեա՛մբ։ Իսկ այդ ռազմադաշտը այսօր կ՚երկարի աշխարհով մէկ զէնքի տակ կանչելով ամէն մէկ հայ եւ հայուհի։ Ոչ ոք կը կասկածի այլեւս, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ մեր կեանքերէն ներս այս պատերազմի կենաց-մահու հրամայականներով եւ այդ հրամայականներէն ծնած՝ մեր ազգային նոր ինքնագիտակցութեա՛մբ։ Այսօր տեղի կ՚ունենայ այն, որ ազգը իր ամբողջութեամբ կը գտնուի իր գոյութեան հողը փրկելու ճակատագրական առաջնագծին վրայ, մէկ մարդու պէս եւ առանց դոյզն ընկրկումի։ Այսօր, մենք մեր ճակատագիրն է, որ մեր ձեռքերով վերստին կը գրենք։

Եւ սակայն, պատերազմի այս թէժ առաջնագծի կողքին, մենք կոչուած ենք դիմագրաւելու նաեւ երկրորդ առաջնագիծը, որ դիւանագիտութեան լպրծուն դաշտն է։ Կը գտնուինք ճակատագրական որոշումներու սեմին։ Թշնամին ամէն ճիգ ըրաւ — եւ կը շարունակէ ընել – մաշեցնելու համար պատերազմի մեր առաջնագիծը եւ չյաջողեցաւ։ Ան այժմ կը դիմէ ամէն մեքենայութեան միջազգային դիւանագիտութեա՛ն առաջնագիծը ապակողմնորոշելու եւ զայն անգործութեան դատապարտելու։ Թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտութեան նպատակն է, միջազգային բեմի իր յենարաններուն ապաւինելով, անպատիւ ու կեղծ «լուծումներ» պարտադրել հայկական կողմին։ «Լուծումնե՛ր»՝ որոնք պարզապէս վերջ կու տան հայ անկախ պետականութեան զայն դնելով Թուրքիայէն կախեալի դիրքերուն մէջ եւ ի վերջոյ վերջ կու տան հայ ժողովուրդի գոյութեան։ Այլ խօսքովայն ինչոր թշնամին չկրցաւ ցարդ իրագործել պատերազմի դաշտին վրայան կը ջանայ — եւ պիտի ջանայ — իրագործել միջազգային դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ կաշառքի եւ սադրանքի իր յայտնի գործիքներով։ Այսինքն՝ անգամ մը եւս Սարդարապատն ու Սեւրը վերածել Կարսի եւ Լոզանի ամօթալի պայմանագրերու…Հետեւաբար մենք պարտաւորուած ենք տիրաբար գործելու այս զոյգ առաջնագծերու ռազմաբեմին վրայ միաժամանակ եւ մեր երկրի ապագան մեր ձեռքերով ձեւաւորելու։ Չմոռնա՛լ՝ որ երկրորդ առաջնագիծը առաջին առաջնագծին երաշխաւորն է եւ առաջինը՝ երկրորդի՛ն։ Երկու առաջնագծերը կարելի չէ անջատել իրարմէ։ Անոնք օրգանապէս կապուած են իրարու եւ զիրար կը պայմանաւորեն։ Եւ այդ երկուքի խաչմերուկին վրայ էոր մենք պիտի կարողանանք հասնիլ մեր անկախ պետականութեան իսկական լինելիութեան։

Ներկայիս թուրքեւազրպէյճանական կողմը որոշած կը թուի ըլլալ բանակցութիւններու բեմէն հեռու պահել ինքզինք յուսալով, որ կը կարողանայ ռազմական լուծում պարտադրել մեզի։ Դժբախտաբար ան նաեւ (գէթ ժամանակաւորապէս) ձեռնթափութեան մատնած կը թուի ըլլալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահ պետութիւնները՝ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ յատկապէս Ռուսաստան։ Հետեւաբար մեր աւագ խնդիրն է այսօր պատերազմի առաջնագծի մեր կուռ ռազմավարութեամբ թշնամին հրել դէպի երկրորդ առաջնագիծ, որ բանակցութեանց սեղանն է…Եթէ ան չի գար բանակցութիւններու, կը նշանակէ, որ մենք – հակառակ մեր զինեալ ուժերու փայլուն դիմադրութեան – տակաւին չենք յաջողած նուաճել պատերազմական գործողութիւններու զենիթային եւ վճռորոշ սեմը…դեռ չենք կրցած ստիպել՝ որ ան նստի բանակցութեան։ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 27-ԷՆ Ի ՎԵՐ ԶԱՐԳԱՑՈՂ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵԶ ՀԱՄՈԶԵՑԻՆ, ՈՐ ԱՅՍ ԹՇՆԱՄԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐՈՂԸ ՄԵՐ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՈՒԺԸ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ՈՉԻ՛ՆՉ։ Ոչ իսկ Ռուսաստա՛նը՝ իր բազմապիսի կարողականութիւններով։

Իրականութեան տուեալները այսօր պարտադիր կը դարձնեն, որ մենք անյապաղ խախտենք (disrupt) թէժ առաջնագծին վրայ ցարդ գործող խաղականոնը…Զարնենք հո՛ն՝ ուր իսկապէս կը ցաւի։ Ճիշտ ինչպէս Գանձակի օդակայանի խիզախ գործողութիւնն էր։ Թիրախաւորենք թշնամիին աքիլէսեան կրունկը կրկին ու կրկին։ Ես վստահ եմ, որ մեր ռազմագէտները կը գիտակցին այս իրողութեան եւ գիտեն ինչպէս կազմակերպել խախտման (disruption) այս կենսական գործողութիւնը։ Ցարդ յուսացինք, որ շուտով տիրապետելու էր խոհեմութեան տրամաբանութիւնը եւ չարաչար սխալեցանք։ Թշնամին դարձաւ աւելի ամբարտաւան ու աւելի անհակակշիռ։ Հասած ենք այն կէտին, որմէ անդին իրաւունք չունինք դանդաղելու։

Կը կրկնե՛մ։ Ժամանակն է թշնամին բերելու երկրորդ առաջնագիծ եւ հոն իրեն հետ խօսելու յաղթողի դիրքերէն, ինչպէս թախանձագին կը պահանջէր հերոսամայր Տիկ. Կարին Տոնոյեան։ Իսկ բանակցութիւններու սեղանին վրայ միակ էական խնդիրը, որ լուծում կը պահանջէ այսօր մեր երկրի անվտանգութեան խնդիրն է։ Մենք պիտի պահանջենք բոլոր կողմերէնոր նախայարձակ թշնամին Հայաստանի եւ Արցախի հետառաջին հերթինստորագրէ միջազգայնօրէն երաշխաւորուած ոչյարձակման ուխտագիր մըորմէ ետք միայն կ՚ըսկսին բանակցութիւնները պատերազմի հետեւանքներու վերացման թեմայով։

Եւ այժմ քանի մը խօսք՝ միասնականութեան մասին։ Պատերազմի սկզբնական փուլի միասնականութիւնը պէտք չէ շփոթել այսօրուան միասնականութեան հրամայականներուն հետ։ Պատերազմի միասնականութիւնը մենք դարբնեցինք լռեցնելով ամէն ուրիշ հարցադրութիւն եւ ազգը մղելով «հսկայ նուիրմա՛ն»։ Այսօրուան միասնականութիւնը, սակայն, պիտի կոփուի մեծ հարցադրութիւններու բովին մէջ։ Ան պիտի կոփուի գաղափարներու առողջ բախումով եւ համադրումով եւ մեծ ու անկեղծ վիճաբանութեամբ մը։ Եւ այստեղ պիտի գործէ բազմակարծութիւնը, այլակարծութիւնը, մտքերու լայն եւ ազատ փոխանակութիւնը, որպէսզի մեր ազգային սէնթէզին բերուին մեր հասարակութեան գաղափարական եւ քաղաքական տարբերութիւնները իրենց ողջ հարստութեամբ։ Այսօրուան միասնականութեան խարիսխը կերտելու համար պէտք է գործէ հայ քաղաքական միտքը իր բոլոր հարազատ առկայծումնեով եւ խստագոյն հանճարով։ Հաւաքագրե՛լ մեր ազգային կարողականութիւններու ամբողջական զօրաբանակը առանց հին հաշիւներ խառնելու ներկայ օրերու ճգնաժամային օրակարգին՝ ներկայ իշխանութեան ազգային պարտաւորութի՛ւնն է։ Այս բանին է, որ կը ձգտի վերջերս յղուած կուսակցութիւններու ստիպողական կոչը Պր. Վարչապետին։ Այդ նախաձեռնութեան առաջնորդներէն է նաեւ իմ կուսակցութիւնս, որ առաջին վայրկեանէն իսկ մեկնած է ռազմաճակատ։ Կը կրկնե՛նք։ Յաղթել կը նշանակէ յաղթանակ տանիլ երկու ճակատներուն վրայ հաւասարապէս։ Իսկ այդ մէկը կը պահանջէ ի մի բերել քաղաքական դաշտի բոլոր մեր ուժականութիւնները եւ ծնունդ տալ Անվտանգութեան Ընդլայնուած Խորհուրդի մը որպէս շուրջօրեայ խորհրդակից ՊրՎարչապետին եւ կառավարութեան։ Իմ-Քայլական իշխանութիւնը կեանքի կոչուեցաւ բոլորովին այլ պայմաններու մէջ։ Երկիրը այսօր պէտք ունի շատ աւելի լայն բարոյական լիազօրութիւններով գործող կառավարման համակարգի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ վճռականօրէն յաղթահարել այս ճգնաժամը։

Արցախեան հիմնահարցի բանակցային գործընթացը ունի տասնամեակներու պատմութիւն։ Ան բարդ է, բազմաշերտ, տեւաբար հակասական եւ երկարաձիգ։ Անոր ետին կը գործեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի անսանձ դաւադրութիւնները մեծագումար պիւտճէներով։ Անոր ետին կը գործեն մեծապետական ուժերու մանուածապատ շահերը եւ տարածաշրջանային զիրար խաչաձեւող բազմազան այլ գործօններ։ Հսկայածաւալ սարդոստա՛յն մը՝ որուն որոգայթներէն խուսափիլ կարենալու համար մենք պէտք ունինք ազգին ամբողջական փորձառութեան նախորդ նախագահներու մասնակցութեամբ եւ մեծ ու անկեղծ վիճաբանութեամբ մը ամբողջ ազգին մակարդակով։ Զօրակոչը, զոր Պր. Վարչապետը յայտարարած է պատերազմի առաջնագծին համար պէտք է անպայման ունենայ իր համապատասխան համազօրը նաեւ դիւանագիտութեան առաջնագծին համար։ Գործ ունինք Արցախեան հիմնահարցի խրթին դիւանագիտութեան հետ եւ մեր պարտաւորութիւնն է այդ ռազմաբեմին ներկայանալ ամբողջական կարողականութեամբ։ Յաղթելո՛ւ ենք։

Հոկտեմբեր 22, 2020