Author: Areky
Ներկայացուցիչներու Տան 89 Անդամներ Կը Միանան Արցախի Նպաստը Կասեցնելու Թրամփի Վարչակազմի Որոշումը Փոխելու Ջանքին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արագ եւ ազդեցիկ յանդիմանութեամբ մը հակազդեց Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի ջանքին, երբ 89 քոնկրեսականներ […]
«Արցախը Մեր Բոլորին Կիզակէտն Է». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն առիթով եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալու նպատակով Արցախ գտնուղ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զրուցած է «Ապառաժ»-ի (Aparaj.am) հետ եւ ողջունած այն հանգամանքը, […]
Ախթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Ամէնամեայ Պատարագը Այս Տարի Պիտի Մատուցուի Սեպտեմբեր 8-ին
Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերաբացուելէն յետոյ 7-րդ անգամ կը պատրաստուի ամէնամեայ պատարագին: Վկայակոչելով թրքական աղբիւրը՝ Akunq.net կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան Նախարարութեան արտօնութեամբ՝ […]
Համահայկական 7-րդ Խաղերու Բացման Արարողութիւնը Կը Յաւակնի Դառնալ Լաւագոյնը
Համահայկական ամառնային խաղերու կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան վստահ է, որ 7-րդ խաղերը պիտի ըլլան լաւագոյններէն, իսկ բացման արարողութիւնը, Զաքարեանի կարծիքով, կը յաւակնի դառնալ խաղերու 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին լաւագոյնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին […]
Բիւրականեան Բանակումը Համախմբած էր 200 Սկաուտ
ՀՄԸՄ-ի աւանդական դարձած բիւրականեան բանակումը այս անգամ ալ մէկ շաբաթով համախմբած էր 200 սկաուտ: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ ազգային երգ ու պար, նաեւ զինուորական կարգապահութիւն․ սկաուտներու առօրեայի անբաժան մասն են: Հաւաքի մասնակիցները կ՝ընդգծեն՝ […]
Նիկոլ Փաշինեան Ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ Խաղերուն Մետալները
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մետալները: Վարչապետը Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներուն լուսանկարը: 7-րդ համահայկական ամառնային խաղերուն բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի քաղաքային մարզադաշտին մէջ, այսօր, ժամը 21:00-ին: Աւանդոյթին համաձայն, զայն պիտի վարէ Կարէն Կիլոյեանը: Խաղերուն այս տարի կը մասնակցի մօտ 5 000 մարզիկ՝ աշխարհի 145 քաղաքէ: Քանի […]
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Անդրանիկ Այցելութիւնը Հայ Ծերանոց
Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցին: Ըստ «Գանձասար»-ի՝ առաջնորդ Սրբազան […]
150-Ամեակ. Երուանդ Օտեան, Որ «Եկած Էր Խնդացնելու, Բայց Արտասուեց…»
Ս. Մահսէրէճեան Ցեղասպանութենէն փրկուած ու Հալէպի մէջ որբանոց ինկած «մանկութիւն չունեցող» Անդրանիկ Ծառուկեան սրտառուչ յուշ մը ունի Երուանդ Օտեանի մասին. կը պատմէ, որ ընդհանրապէս անբարեյոյս վիճակի մատնուած որբերուն հոգածութիւնը յանձն […]
Երեւանի Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին 469 Երեխայ Ծնած է
Յուլիս 26-Օգոստոս 1 երկարող ժամանակահատուածին Երեւանի մէջ ծնած է 469 երեխայ՝ 250 տղայ, 219 աղջիկ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութիւնը:










