Հայ Ըմբիշները Վրաստանի Մէջ Երեք Մետալ Նուաճած Են

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի ըմբիշները երեք մետալ նուաճած են Վրաստանի մէջ ընթացող Բալաւաձէի եւ Կարտոզիայի անուան ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Պարտուելով 55 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին՝ Նորայր Հախոյեան դարձած է արծաթէ մետալակիր, իսկ պրոնզէ մետալի համար պայքարին՝ Ռուտիկ Մկրտչեան յաղթած է իր մրցակիցը: 72 քկ քաշային կարգի մէջ՝ Հրանդ Կալաչեան եւս դարձած է  պրոնզէ մետալակիր: