Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած է ՄԱԿ-ի Մէջ Բազմալեզւութեան Հարցերով Համակարգող

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է ՄԱԿ-ի մէջ բազմալեզւութեան հարցերով համակարգող: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը: Մովսէս Աբէլեան պատասխանատու պիտի ըլլայ […]

Դրամաշնորհի եւ Ֆինանսական Աջակցութեան Մրցոյթ Սուրիահայ Ուսանողներու Համար

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը («Հալէպ» ՀԿ)  «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սիրով կը յայտարարէ սուրիահայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթաթոշակներու եւ ֆինանսական աջակցութեան մրցոյթ: Ծրագիրը կ՛իրականացուի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի […]

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Շնորհաւորած են Արցախի Նախագահը

Ամերիկացի քոնկրեսականները Արցախի նախագահը շնորհաւորած են Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով: Իր Թուիթըրեան էջին մէջ շնորհաւորական նամակը հրապարակած է քոնկրեսական Ֆրանկ Փալոն, կը յայտնէ News.am-ը: Նամակը ստորագրած քոնկրեսականներու շարքին են՝ Էտըմ […]

Արցախի Շօշ Գիւղը Նոր Մանկապարտէզ Ունի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Սեպտեմբեր 3-ին այցելած է Ասկերանի շրջանի Շօշ գիւղ` մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ինչպէս կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի մամլոյ գրասենեակը, 50 երեխայի համար նախատեսուած նախակրթարանը իր յարկին տակ պիտի […]

Էրտողան Հանդիպած է Մաշալեանի հետ. Շուտով Պիտի Հրապարակուի Կանոնակարգը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ, եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ: Ինչպէս կը տեղեկացն «Ակօս»–ը, Էրտողան եպիսկոպոս […]

Լիբանանի Նախագահը Օսմանեան Կայսրութիւնը «Ահաբեկչական» Կ՛որակէ

Մեծն Լիբանանի հռչակումի 100-ամեակի տօնակատարութեանց մեկնարկին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն 31 օգոստոս 2019-ին, լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց լիբանանցիներուն: Իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն կարեւոր […]

Նոր Գիրքերու Հետ. Ցեղասպանութեան Մասին Վկայարան Մը Եւս

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Վերջերս Մոնրէալի մէջ լոյս տեսաւ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն հատորը` «Խճանկարներ Հայկական ցեղասպանութենէն» խորագիրով: Անիկա նորագոյն վկայարան մըն է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ յղացուած, կազմակերպուած ու գործադրութեան մասին, լուսարձակի […]

Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ Իտալական «Ռոմա»-ին

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեան մէկ տարի վարձակալութեամբ միացաւ «Ռոմա»-ին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջը: Նախապէս «Ռոմա»-ի Թուիթըրի պաշտօնական էջին վրայ հրապարակուած էր նկար, որուն մէջ Մխիթարեան […]