Ուխտագնացութիւն դէպի Ս․ Խաչ եկեղեցի, Աղթամար

Սփիւռք

Անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ Ամէն 

«Փայտ կենաց որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցիր պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց»

Ողորմեայ շարկ. Խաչվերացի գոհութիւն եւ փառք կը մատուցանենք բարձրեալին Աստուծոյ որ արժանացուց մեզ անգամ մը եւս պաշտամունք կատարելու Աղթամարի այս հոյակապ տաճարին մէջ: Շաբաթ մը առաջ է որ կը տօնենք Խաչվերացի Տաղաւարը որպէսզի պանծացնենք նաեւ Եկեղեցւոյ անունը, որ խորհուրդանշական մեծ արժէք ունի Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքին համար:

Կորսուածը վերագտնել միշտ հրճուանք կը պատճառէ մարդու սրտին. ինչպէս տուն ետ դարձած Անառակ Որդիին մասին հայրը կ՛արտայայտուէր արձունքաթաթախ աչքերով:
«Այս իմ որդիս կորսուած էր գտնուեցաւ, մեռած էր՝ յարութիւն առաւ»:

Աղթամարի այս գողտրիկ տաճարին համար միեւնոյն է մեր զգացումները: Փառք կուտանք Աստուծոյ որ այս շնորհքը ըրաւ մեզի կրկին եւ այս Սուրբ Տաճարը եւ իր զաւակները ողջագուրուեցան անգամ մը եւս այս տարի ալ:

Խաչը ամէն սերունդի կողմէ յաճախ վերագտնուելու է խորագոյն իմաստներով եւ փառաւորուելով բարձրացուելու՝ մարդկութեան վերեւ: Սուրբ Խաչը, Քրիստոնէութեան այս վսեմագոյն նշանը ունի նաեւ տիեզերական իմաստ մը: Ան ամէնէն խորունկ խորհրդանիշն է սիրոյ, ամէն տեսակ անձնազոհողութեան, նուիրագործումի անձուրացումի: Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս տակաւին չէր խաչուած երբ խաչը այս իմաստով գործածեց որպէս նշան՝ անձնական զոհողութեան եւ նաեւ անձնական փրկութեան միեւնոյն ատեն:
«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զա՛յն» (Մատթ.10: 38)

Մեր աչքերը երբեք չի նայիր Քրիստոսի Սուրբ Խաչին առանց տեսնելու Խաչեալի փառայեղ Յարութիւնը: Մեր հայրերը խաչքարերու արուեստով խաչը վերածած են կենաց նշանին: Հոն մահուան սարափազդու գործիքը կորսնցուցած է այլեւս իր տխրութիւնը եւ լուսադէմ կը կանգնի բոլոր տառապեալներու առջեւ իբր Կենաց Ծառ, ուրկէ՞ կը հայցենք շնորհք եւ օրհնութիւն:

Սիրելի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր, դուն ալ կեանքի դժուարութիւններդ եւ խնդիրներդ ցաւերդ եւ հիւանդութիւններդ խաչի վերածէ եւ շալկելով քու ուսերուդ վրայ բարձրացուր զայն: Իմացիր որ Երկնաւոր Հայրդ կը դիտէ եւ յարմար ժամանակին ծաղիկի եւ պտուղի պիտի վերածէ քու խաչդ ալ, ինչպէս խաչքարերը մեր:

Խաչը խորհրդանշանն է սիրոյ, խորհրդանիշն է նաեւ եսակեդրոն կենսավիճակէ մը դէպի Աստուծակեդրոն կենսավիճակի մը անցքին, ուր այլեւս Աստուծոյ կամքը կ՛իրականանայ մարդկային հաճոյքէն եւ անհատական շահերէն գերադասուելով:

Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոսի Սուրբ Խաչին ձօնուած այս Եկեղեցիին մէջ եկէ՛ք միասնաբար աղօթենք, որպէսզի բարձրեալն Աստուած մեզի եւ ամբողջ աշխարհը Քրիստոսի խաչէն ճառաքայթող սքանչելի լոյսով թո՛ղ լուսաւորէ՛, փոխէ՛ եւ պայծառակերպէ՛:

Պատերազմները՝ խաղաղութեան, խաւարը” լուսաւորութեան թո՛ղ վերածէ՛: Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ: Եւ Սուրբ Խաչի պահպանող զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորիս վրայէն:

Փառք Սուրբ խաչիդ Ալէլուիա: Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս որ կանգնեցիր ի փրկութիւն աշխարհի.սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ:

Թող այսօր, մեր սրտի ջերմեռանդ աղօթքները նուիրական այս տաճարէն լսելի ըլլայ քեզ, ո՛վ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս: Ընդունէ՛ մեր ուխտը, նորոգէ եւ զօրացուր մեզ բոլորս մեր կոչման եւ պարտաւորութեանց մէջ եւ արժանի ըրէ մեր սուրբ հայրերու հետ փառաւորելու Քեզ, ընդ Հօրդ եւ ընդ Սուրբ Հոգւոյդ: Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, Ամէն:

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Տեղապահ ՝ Սահակ Եպս.Մաշալեան

Աղթամար 08.09.2019