Ամուլսարի Հանքի Շահագործումը Արգիլելու Որեւէ Իրաւական Հիմք Չկայ․ Փաշինեան

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ըսած է, որ «առնուազն այս պահի դրութեամբ Ամուլսարի հանքի շահագործումը արգիլելու որեւէ իրաւական հիմք չկայ»:

«Միեւնոյն ժամանակ, մենք չենք կրնար հաշուի չառնել մեր հանրութեան մէջ առկայ անհանգստութիւնները: Սակայն, միւս կողմէն մենք չենք կրնար հաշուի չնստիլ նաեւ ՀՀ տնտեսական հանրութեան անհանգստութիւններուն հետ:

 Վերջերս «Մուտիս» ընկերութիւնը բարձրացուցած է ՀՀ վարկանիշը: Ամուլսարի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով, եթէ մենք այս իրավիճակը ճիշդ չկառավարենք, ապա ատիկա կրնայ յանգեցնել Հայաստանի վարկանիշի վատթարացման, որուն հետեւանքները մենք բոլորս կրնանք զգալ մեր վարկերուն վրայ, այսինքն` փողի արժէքի ծիրէն ներս»,-ֆէյսպուքի ուղիղ եթերով յայտնած է վարչապետը:

 Անոր խօսքով` եթէ ՀՀ կառավարութիւնը արգիլէ Ամուլսարի հանքի շահագործումը, ապա ատիկա կրնայ դիտուիլ «որպէս խտրական մօտեցում»:

 «Եթէ ուղղակի թոյլ չենք տար շահագործուի, ապա պէտք է նշենք, թէ ինչու թոյլ կու տանք Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատը, Թեղուտի հանքերը շահագործուին: Արդեօք անոնք կը գործե՞ն բնապահպանական բոլոր չափանիշներուն համաձայն: Մենք կրնանք ունենալ միջազգայնօրէն շատ լուրջ խնդիր` խտրական մօտեցումներ ցուցաբերելու համար»,- աւելցուցած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ըստ անոր` «Կարելի չէ արհամարհել մեր երկրի տնտեսութեան եւ արտաքին անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրները, որոնք նոյնպէս որոշակի կարեւորութիւն ունին այս հարցը քննարկելու ատեն»:

 Փաշինեան Ջերմուկի բնակիչներուն յորդորեց ապաշրջափակել Ամուլսարի հանք տանող բոլոր ճանապարհները: