Հաշուապահութեան Դասնընթացք՝ Սուրիահայ Երիտասարդներու Համար․ Հաղորդագրութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս կ՛իրականացնէ Հաշուապահական հաշուառման/ՀԾ դասընթացի ուսուցում:

Դասընթացքին կրնան դիմել 17-35 տարեկան այն երիտասարդները, որոնք կ՛ուսանին հաշուապահութիւն մասնագիտութեամբ կամ յարակից ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ այն անձիք, որոնք կը ցանկան ձեռք բերել նոր մասնագիտութիւն` աշխատանքի ընդունուելու համար:

Արձանագրուելու համար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր`
– Անձնագրի պատճէն
– Համալսարանի գնահատականներու մասին տեղեկանք(ՄՈԳ)
– Համալսարանի աւարտական վկայականի պատճէն` միջուկով (եթէ առկայ է)

Փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է ներկայացնել «Հալէպ» ՀԿ, հասցէ` Հիւսիսային պողոտայ 11 (մուտքը Աբովեան փողոցէն), -1 յարկ:
հեռ. 098/ 096 54 53 61

Տեղերը սահմանափակ են:

«Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագիրը կ՛իրականացուի է ԵՀԽ (Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ) հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ` «Հալէպ» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ: