Արցախի ՏԻՄ Ընտրութիւններուն Մասնակցած է 67 Հազար 326 Ընտրող

Հայաստան

Տարածքային ընտրական յանձնաժողովներու տուած տուեալներուն համաձայն` Սեպտեմբեր 8-ի ժամը 20.00-ի դրութեամբ ընտրութիւններուն մասնակցած է 67326 ընտրող:

Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահին փոխարինող Եղիշէ Արզումանեան:

«Մասնակիցներու թիւը ըստ ընտրական տեղամասերու հետեւեալն է` Ստեփանակերտի մէջ` 21 հազար 643 ընտրող կամ ընտրողներու 55.5 տոկոսը, Ասկերանի մէջ` 9011 ընտրող կամ ընտրողներու 76.7 տոկոսը, Հադրութի մէջ` 5967 ընտրող կամ ընտրողներու 69.5 տոկոսը, Մարտունիի մէջ` 12 հազար 600 ընտրող կամ ընտրողներու 72.5 տոկոսը, Մարտակերտի մէջ` 9241 ընտրող կամ ընտրողներու 70.9 տոկոսը, Շահումեանի մէջ` 1512 ընտրող կամ ընտրողներու 71.6 տոկոսը, Շուշիի մէջ` 2306 ընտրող կամ ընտրողներու 58.8 տոկոսը, Քաշաթաղի մէջ` 5046 ընտրող կամ ընտրողներու 69.6 տոկոսը»,- մանրամասնած է Արզումանեան:

Ան նշած է, որ մինչեւ ժամը 20:00 գրաւոր ձեւով որեւէ դիմում-բողոք ԿԸՀ-ն չէ ստացած: Այժմ կ՛ընթանան քուէները հաշուելու գործընթացը: