Հայաստան Կը Բանակցի Youtube-ի Հետ

Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցութիւններու սկսած է Youtube-ի հետ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։ «Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան […]

Արմէն Սարգսեան Պիտի Գլխաւորէ ՄԱԿի Առեւտուրի Եւ Զարգացման Համաժողովի՝ Նշանաւոր Անձերու Խումբը

Աշխատանքային այցելութեամբ Զուիցերիա գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի ՄԱԿի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Նշանաւոր անձանց խումբի քննարկում-կլոր սեղանին (UNCTAD Panel of Eminent Persons): Հայաստանի […]

Սփիր Եւ Չու Հայաստան Կ՛այցելեն

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Ճեքի Քանչելեան-Սփիր եւ Ճուտի Չու Հայաստան կը գտնուին եւ հանդիպումներ կ՛ունենան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միզոյեան հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ Հայաստան եւ […]

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Արցախի Բարեկամներու Համաժողով

Հոկտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագրով Արցախի բարեկամներու համաժողով, որուն նպատակն է ընդլայնել եւ ամրապնդել Արցախի Հանրապետութեան ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը օտարերկրեայ պետութիւններու տարբեր շրջաններու […]

Հայաստան-Սփիւռք Ամբողջացումը Եւ Համահայկական Օրակարգին Կենսագործումը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ ցուցաբերուած համաժողովրդական եւ համազգային-համակուսակցական ջերմ ընդունելութիւնը արժանի է խորքային անդրադարձի, քննարկումի եւ գնահատականի: Շեշտել է պէտք խորքայինը, որովհետեւ ընթացիկ քաղաքական մեկնաբանութիւններն ու […]

Թուրքիոյ Մէջ Գանձագողերը Մեծապէս Վնասած են Կարնոյ Հայկական Սուրբ Մինաս Եկեղեցին

Կարինի մէջ (թրքական անուանումը` Էրզրում-Ակունքի խմբ․) 1790-էն մեր օրեր հասած հայկական Սուրբ Մինաս եկեղեցին գանձ որոնողներու կողմէ կ՛ենթարկուի աւերածութիւններու: Անոնք  ոչ միայն  փորած են եկեղեցւոյ պատերը, այլ նաեւ 2500 տարուան հնութիւն […]

Ծինային Հետազօտութեան Ենթարկուող Թուրքերուն Մէկ Մասը Հայկական Ծագում Ունի

Աշխարհի մէջ միլիոնաւոր մարդիկ ծննդաբանական (DNA -ի) հետազօտութիւն կ՛անցնին պարզելու իրենց նախնիներուն ծագումը: «Թուրքիոյ մէջ այդ քննութիւնը արգիլուած է, սակայն արտասահման մեկնած բազմաթիւ թուրքեր, ծինային  հետազօտութիւն )genetic test (անցնելով՝ կը […]