Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Արցախի Բարեկամներու Համաժողով

Հայաստան

Հոկտեմբեր 11-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագրով Արցախի բարեկամներու համաժողով, որուն նպատակն է ընդլայնել եւ ամրապնդել Արցախի Հանրապետութեան ապակեդրոնացուած համագործակցութիւնը օտարերկրեայ պետութիւններու տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու հետ, նոր ազդակ եւ գործնական բնոյթ հաղորդել Արցախի արդէն առկայ միջազգային կապերուն, ինչպէս նաեւ Արցախին աջակցող անհատները, քաղաքական եւ հասարակական գործիչները միաւորող ցանց ստեղծել:

Համաժողովին պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու մէջ գործող Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու եւ շրջանակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, պատուիրակութիւններ Արցախի անկախութիւնը ճանչած կամ Արցախի հետ համագործակցող վարչատարածքային միաւորներէն. ընդհանուր` շուրջ 30 երկիրներէ աւելի քան 150 քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

Համաժողովին ուղերձով հանդէս պիտի գայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: Ելոյթներ պիտի ունենան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը, Պետական նախարարը, Արտաքին գործոց, Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան, Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Հայ Դատի Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի գրասենեակներու ներկայացուցիչները:

Համաժողովի քննարկումները պիտի ծաւալին երկու թեմաներու շուրջ.

ա) «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը».
բ) «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային կապերու ընդլայնման հնարաւորութիւնները տնտեսական, մշակութային եւ գիտակրթական ոլորտներու մէջ` Արցախի մեկուսացման ուղղուած Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դիմագրաւելու նպատակով»:

Համաժողովը հռչակագիր պիտի ընդունի:

Համաժողովի համակազմակերպիչներն են Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան
Արտաքին գործերու նախարարութեան
տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
հանրային կապերու գրասենեակ