Հայաստան Կը Բանակցի Youtube-ի Հետ

Սփիւռք

Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցութիւններու սկսած է Youtube-ի հետ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան։

«Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բանակցում է Youtube-ի, եւ այլ մեծ կազմակերպութիւնների հետ, որոնց համար Հայաստանում տեղայնացում չունենք», յայտնեց  Աւինեան։

Աւինեան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր երկիր ուղղակիօրէն իր քաղաքականութիւնը պէտք է մշակէ այս բնագաւառին մէջ, որպէսզի գալիք սերունդները պատրաստ ըլլան աւելի ու աւելի բարելաւելու այս ու բոլոր այլ ոլորտներու մէջ թուայնացման գործընթացները եւ նոր արտադրութիւններ ստեղծեն։

Խօսելով նման ժողով մը Հայաստանի մէջ իրականացնելու կարեւորութեան մասին՝ փոխվարչապետը ըսաւ, որ անիկա մեծ կարելիութիւն է կապեր հաստատելու, փորձառութիւններէն օգտուելու եւ համագործակցութեան առիթներ ունենալու։