Թուրքիոյ Մէջ Գանձագողերը Մեծապէս Վնասած են Կարնոյ Հայկական Սուրբ Մինաս Եկեղեցին

Աշխարհ, Էրկիր

Կարինի մէջ (թրքական անուանումը` Էրզրում-Ակունքի խմբ․) 1790-էն մեր օրեր հասած հայկական Սուրբ Մինաս եկեղեցին գանձ որոնողներու կողմէ կ՛ենթարկուի աւերածութիւններու: Անոնք  ոչ միայն  փորած են եկեղեցւոյ պատերը, այլ նաեւ 2500 տարուան հնութիւն եւ 600 մեթր բարձրութիւն ունեցող Քարթալ բերդը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` յղում կատարելով թրքական «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան:

Աղբիւրին համաձայն`  ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Էրզրում նահանգի Ազիզիէ գաւառին մէջ 1790-ին հայերու կողմէ կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ մէջ չփորուած տեղ չէ մնացած: Աղբիւրը կը փոխանցէ նաեւ, թէ Ազիզիէի տեղական իշխանութիւնները իբրեւ թէ նախաձեռնած են վերանորոգել եկեղեցին, սակայն պարզուած է, թէ ան կը պատկանի գերմանաբնակ հայու մը:

Ինչպէս կը նշուի, եկեղեցւոյ մէջ որբեք գանձի չհանդիպած գանձագողերը սկսած են փորելու նաեւ Եաքութիէ գաւառի Կիւնկեօրմեզ թաղամասին մէջ երկաթէ դարէն մնացած շուրջ 3 հազարամեայ հնութեամբ Քարթալ բերդը` հանդիպելով տեղի բնակիչներու վրդովմունքին:

Սոյն բերդին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած Էրզրումի թանգարանի տնօրէն Հիւսնիւ Կենչը յայտնած, թէ գանձ որոնողները մեծապէս վնասած են մշակութային հարստութիւնները, եւ որ անոնք պահպանելու նպատակով իրենք նախագիծ սկսած են իրականացնելու ոստիկանութեան հետ: Ան նաեւ նշած է, թէ պէտք է արդիւնաւէտ պայքարիլ գանձագողութեան դէմ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի` Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ սեփականատէր Սապրի Էրկինը տարիներ առաջ յայտնած էր, որ եկեղեցին մեծ նշանակութիւն ունեցած է իր մօր համար, որ ամէն ջանք գործադրած էր եկեղեցին պահպանելու համար: Խօսելով մօր երազանքի մասին` Էրկին ըսած էր. «Մայրս կը ցանկար, որ անիկա ծառայէ ժողովուրդին` որպէս մշակութային կեդրոն կամ գրադարան, ու դառնայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու խաղաղութեան խորհրդանիշը»: