Սփիր Եւ Չու Հայաստան Կ՛այցելեն

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Ճեքի Քանչելեան-Սփիր եւ Ճուտի Չու Հայաստան կը գտնուին եւ հանդիպումներ կ՛ունենան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միզոյեան հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ Հայաստան եւ Արցախ այցելելու իր հրաւէրը ընդունելնուն համար: Ան նշեց, որ նախորդ տարի տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստան վճռականօրէն կ՛ընթանայ ժողովրդավարական զարգացման ուղիով, եւ ազատ ընտրութիւնները, մարդու իրաւունքները, ազատ մրցակցային տնտեսութիւնը, թափանցիկութիւնը, հաշուետուութիւնը, անկախ դատական համակարգը, փտածութեան դէմ պայքարը Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն համար հիմնարար արժէքներ ու նպատակներ են:

Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն է, եւ Հայաստան բաց է եւ կ՛ուզէ զարգացնել յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ՝ բոլոր ուղղութիւններով: Ան ընդգծեց երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերու յանձնախումբին՝ այս տարիներուն տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ Հայաստանի կողքին ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ  Ներկայացուցիչներու տան կողմէ արդէն իսկ հաստատուած՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան աջակցութեան վերաբերող ծրագիրներուն ֆինանսական յատկացումը 40 միլիոն տոլարով աւելցնելուն համար:

Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ այս բոլոր տարիներուն տարբեր ծրագիրներով Հայաստանին՝ Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան համար՝ վերահաստատելով Հայաստանի իշխանութիւններուն նուիրումը հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ ուղիով կարգաւորման:

Ճեքի Քանչելեան-Սփիր եւ Ճուտի Չու շնորհակալութիւն յայտնեցին Արարատ Միրզոյեանին՝ զիրենք Հայաստան հրաւիրելուն համար՝ նշելով, որ իրենք կ՛ուզեն սերտօրէն համագործակցիլ բոլոր որոլտներուն մէջ:

Զրոյցին ընթացքին, կողմերը տեսակէտներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներու օրակարգին վերաբերեալ:

Քոնկրեսականները նաեւ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, որ շեշտեց, թէ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ հայ-ամերիկեան երկխօսութեան՝ տարբեր մակարդակներու վրայ. այս ծիրին մէջ ան բարձր գնահատեց քոնկրեսականներուն ջանքերը՝ հայ-ամերիկեան գործընկերութեան ամրապնդման եւ հայանպաստ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու կեանքի կոչման:

Նախարար Մնացականեան անոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։