Վրաստանի Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Վրաստանի նախագահը ծաղիկներ խոնարհեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող անմար կրակի մօտ: Սալոմէ Զուրապիշվիլին եղաւ նաեւ […]

Մարտական Յենակէտէն Այլ Յենակէտ Անցնելու Ճանապարհին Զինծառայողը Սայթաքած ու Ձոր Ինկած է

ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ջոկի սան հրահանգիչ, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Համլէթ Հրաչ Աւագեանը 12.03.2019-ի ժամը 17:00-ի սահմաններուն, բուժօգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ մարտական յենակէտէն այլ մարտական յենակէտ անցնելու ճանապարհին սայթաքած է […]

Վրաստանի Նախագահը Ժամանած է Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, այսօր, երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին: Ըստ News.am-ի՝ Զուրապիշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Վրաստանի արդարադատութեան նախարար Թէա Ծուլուկիանին, Վրաստանի […]

Արցախի Մէջ 125 Միլիառ Դրամ Արժողութեամբ Արդիւնաբերական Արտադրութիւն Ապահովուած Է

Մարտ 12-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան յայտարարած է, որ անցեալ տարի, Արցախի մէջ 125 միլիառ դրամ արժողութեամբ արտադրութիւն եղած է, որ […]

Եռագոյն Ծոպեր Ի Նպաստ Հայրենի Մեդովկա Գիւղին

Նախորդ երեք տարիներուն, Համահայկական ուսանողական միութեան (All-ASA) ջանքերով շրջանաւարտներու յատուկ Եռագոյն ծոպերու վաճառքով կարելի եղած է գոյացնել մօտաւորապէս 5000 տոլար հասոյթ մը: Ծրագիրին առաջին տարուան նպատակն էր՝ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի […]

Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Ամերիկեան Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛առաջարկուի

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները անցեալ տարի, Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք փափաք յայտնած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները […]

Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin – 2019» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Պեռլինի մէջ, Մարտ 6-10, տեղի ունեցած է «ITB Berlin – 2019» ամենամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 25 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, հիւրանոցներ ներկայացնող կազմակերպութիւններ, զբօսաշրջութիւն […]

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստ

2019թ. Մարտ 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ, կայացաւՀայաստանի եւ Արցախի  Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստ: Օրակարգի հիմնական թեման կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայ իրավիճակի համատեղ գնահատման եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծման: Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու անդամներուն կողմէ գնահատուեցաւ Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ վերահաստատուեցաւ, որ պաշտպանութեան ապահովման կարողութիւնները երաշխաւորուած են եւ կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական երկու կողմերը վերստին ընդգծեցին իրենց աջակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման` հիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու, մասնաւորապէս, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման վրայ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշեց. «Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բանակցային գործընթացին եւ իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ, խաղաղ գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան ապահովման համար Արցախի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան հարցը կը մնայ արդիական»: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, իր հերթին ընդգծեց, որ 1994-1995 թթ. զինադադարի եռակողմ համաձայնագրերու անվերապահ իրականացումը ինկած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի հիմքին` կարեւոր նպաստ բերելով խաղաղ […]

Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերու Թուագրուող Խաչքարեր Բացայայտուած են

Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ բացայայտուած են նորայայտ խաչքարեր: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեանը՝ իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք: Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով։