Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերու Թուագրուող Խաչքարեր Բացայայտուած են

Այլեւայլ, Հայաստան

Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ բացայայտուած են նորայայտ խաչքարեր:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեանը՝ իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք: Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով։