2018-ին Արցախի Մէջ Ծնած է 2328 Երեխայ

Այլեւայլ, Հայաստան

2018-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 2328, որ 8-ով պակաս է նախորդ տարուան համանուն ցուցանիշէն: Արձանագրուած է 1185 մահուան դէպք, որ նախորդ տարուան հետ համեմատած նուազած է 53-ով: Այս մասին, ըստ Aparaj.am-ի՝ Մարտ 12-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ նշած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան:

«Արցախի բնակչութեան նախասիրութիւնները երեխաներու անուանակոչութեան հետ կապուած՝ վերջին տարիներուն ընթացքին՝ չեն փոխուած: Տղաներու անուններուն մէջ կը շարունակեն առաջնահերթութիւնը տալ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ, Դանիէլ անուններուն, աղջիկներու անուններուն մէջ՝ նախորդ տարի գերակշռող եղած են Մարի, Նարէ, Անի, Մանէ անունները»,- նշած է Մանուշ Մինասեան: