Հայ Մտաւորականութեան Լռութիւնը Ազգի եւ Հայրենիքի Պատմութեան Ներկային Դիմաց

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն գերագոյն արժէք են, քա-նի որ անոնք միայն կ’երաշխաւորեն ազգերու մեծութիւնը:*
Էմիլ Զոլա, Ֆրանսացի մեծ գրող
եւ հրապարակագիր (1840-1902)

Հայաստանի ժողովուրդը սիրած է եւ կը սիրէ իր մտաւորականութիւնը, անոնք ըլլան բանաստեղծներ, գրողներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ, դերասաններ: Բայց վերանկախացումէն ի վեր կարծէք ան գործնապէս դերակատար չէ եւ չ’ազդեր դէպքերու ընթացքին վրայ: Չի խօսիր, կամ զինք լսող չկայ, դրամական եւ քաղաքական հզօրութիւն չունի: Իւրաքանչիւրը կը գրէ, կը ստեղծագործէ, կը փորձէ իր հունը գտնել, բայց հրապարակաւ չի խօսիր եւ չի դիրքորոշուիր երկրի ընկերատնտեսական եւ մշակութային հարցերու մասին, չի դիմեր ժողովուրդի դատին՝ ազգային հիմնահարցերու խնդիրներով: Դաշտը ձգած է այլ ուժերու:

Այս բացակայութեան հետեւանք կարելի է համարել այսօր մշակոյթի նախարարութեան որպէս պերճանք վերացումը: Կը վերցուի նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ ազգի կէսէն աւելիին համար բաց պատուհան էր: Երբ առանձին կը զրուցէք մտաւորականներու հետ, անոնք դժգոհութիւններ կը յայտնեն, կ’ըսեն սրտցաւ խօսքեր, բայց այդքա՛ն:

Մեր դժուար պատմութեան ընթացքին մտաւորականութիւնը ոչ միայն չէ լռած, այլ ան առաջնորդած է հոգիները, եղած է պայքարի առաջին գիծերուն վրայ: Երբ առօրեայի գործնապաշտութենէն եւ նիւթապաշտութենէն վեր կը հանենք մեր գլուխները, կը յիշենք եւ կը տեսնենք, որ ունեցած ենք Խորենացի եւ Նարեկացի, Թումանեան եւ Վարուժան, Սիամանթօ եւ Չարենց, Համօ Սահեան եւ Եդուարդ Պոյաճեան, Մեծարենց եւ Տէրեան, Կոմիտաս եւ Խաչատուրեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ Ալան Յովհաննէս, Մարտիրոս Սարեան եւ Գառզու… Ասոնք միայն հիւրասենեակ զարդարելու կոչուած լուսանկարներ չեն, կամ տօնական առիթներով բաժակաճառի ջնարակ:

Այս անուններու ետին եղած ենք եւ կանգ մենք: Կան ապրողները, որոնք կը ստեղծագործեն, գիտնականները, ակադեմիկոսները, պատմութեան եւ գրականութեան ամպիոնի վարիչները: Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) անոնց անուններուն չենք հանդիպիր ազգային ճակատագիրը առաջնորդողներու ցանկերուն վրայ, անոնք որոշողներու «ընտրանի»ին մաս չեն կազմեր: Եւ ոչ ոք կը զարմանայ: Հետեւանքը եղած է եւ կ’ըլլայ այն՝ որ առաջնորդութեան դերին իրենք զիրենք կը սահմանեն անոնք որոնք օտար աղբիւրներէ ստացած են իրենց հոգեմտաւոր սնունդը, մասնագէտներ՝ որոնք կրնան պաշտօնի կոչուիլ ոեւէ տեղ, միջազգային դրամատուն մը, թէ Հնդկաստանի մէջ ամերիկեան դրամագլուխով գործող լուցկիի գործարան մը: Անոնք Հայաստանը կը համարեն բիզնես-ակումբ, եւ քայլ մըն ալ առաջ երթալով պետութիւն եւ կառավարութիւն կ’ըմբռնեն արդիականութիւն համարուող ֆէյսպուքեան եւ շաուի (show) ամբոխայնացման յարդի բոցի լոյսով:

Պատմաբան ակադեմիկոսները, ներհուն բանաստեղծները, լեզուաբանները, համալսարաններու դասախօսները եւ վարիչները, զարմանալիօրէն իրենք զիրենք սահմանած են հանդիսատեսի դերին, եւ բարձր խօսողներուն եւ յաճախ ազգային հեռանկար չունեցող մասնագէտներուն եւ դրամատէրերուն յանձնած են ազգի տարուբեր նաւուն ղեկը: Հարվարտ, Մոնփըլիէ, Լոնտոն կամ Մոսկուա ուսանած ըլլալ չի բաւեր հայ կեանքի մէջ ղեկավարութիւն ստանձնելու համար, երբ չկայ ազգային պատմութեան, մշակոյթի եւ անշրջանցելի կերպով ազգային լեզուով ստացուած մտածողութեան դրոշմը, որ տարբեր է «հաց-պանիրի հայերէն»էն, ըստ Շաւարշ Միսաքեանի դիպուկ բնորոշումին:

Հայաստանի եւ սփիւռքի հարազատ մտաւորականութիւնը, որ ազգի եւ հայրենիքի ներկան եւ ապագան չի տեսներ այլ տեղ պատրաստուած կաղապարներու մէջ, ունի խոր զգացողութիւնը մեր իւրայատկութիւններուն, որ կը հասկնայ Չարենցի եւ Տէրեանի Երկիր Նայիրիով եկող տեսիլքը, ինչպէ՞ս կրնայ ինքնիրեն թոյլատրել ազգային տեսանկիւնէ անգրագէտներու եւ կիսագրագէտներու ձգել հրապարակը: Ա՛յս՝ Հայաստան, բայց նաեւ՝ սփիւռք(ներ):

Դրամատնային վարչարարութեան մէջ մասնագիտացած հայեր եղած են եւ կան: Անոնց անուան երբեմն կը հանդիպինք Քորէայի, ամերիկեան նահանգի մը, Արժանթինի, Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ մէջ: Բայց այդ հմտութիւնը բաւարար բարենիշ չէ Հայաստանի ծառայելու համար, որ տեսած է խորհրդային կարգերը եւ անոցմէ բխած կամայ-ակամայ ժառանգած է ըմբռնումներ, որ կը գտնուի շրջափակման եւ պատերազմական վիճակի մէջ, որ ինչպէս կ’ըսուի՝ Հայաստանի հողակտոր է:

Նման բարդ երկիր, ի վերայ ամէնայնի՝ փոքր, վերականգնելու եւ կառավարելու համար ազգային-հեռանկարային ըմբռնում, համոզում եւ յանձնառութիւն ունենալ ոչ մօտէն եւ ոչ ալ հեռուէն կ’առնչուի գրքունակութեան եւ կայունացած երկիրներու մէջ երբեմն յայտնուող ամբոխայնացման (populisme) հետ: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ամբոխայնացումը ե՛ւ պերճանք է ե՛ւ վնասակար մեր ժողովուրդին եւ մեր երկրին:

Ոչ թէ իշխանութեան պէտք ունինք այսօր, այլ՝ առաջնորդութեան: Ամբոխայնացած ժողովրդավարութիւնը ճիշդ ուղին չէ: Այս բացասականութեան դէմ պիտի չկանգնին ոչ գործնապաշտները, ոչ գործարարները, ոչ կողմնապաշտները, այլ ազգի հարազատ մտաւորականութիւնը՝ որ ճամբացոյց եւ դատաւոր պիտի ըլլայ, յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան, յանդգնութեամբ, այն խոր ըմբռնումով, զոր բանաձեւած է մեծ գրող Էմիլ Զոլա, որ գերհզօր ուժերու դէմ առանձին կանգնելով բարձրագոչ ըսած էր՝ «Կ’ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՄ»…

Վերականգնելու, միանալու, տոկալու եւ տեւելու իսկական կամք ունեցող հայը, ան ըլլայ շարքային թէ ղեկավար, պէտք է ամենայն լրջութեամբ եւ յանձնառութեամբ լսէ Էմիլ Զոլայի խօսքը. «Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն գերագոյն արժէք են, քանի որ անոնք միայն կ’երաշխաւորեն ազգերու մեծութիւնը»: Իսկ ամբոխայնացած զանգուածին այս պատգամը փոխանցող հարազատ մտաւորականութիւն պէտք է, յաղթահարելով ամէն տեսակի շահախնդրութիւնները, դիմակազերծ ընելով ամէն տեսակի «շաու»ները, ըսելով, որ իրաւ կամ կեղծ մեծամասնութիւններով ազգի ապագայ չի կերտուիր, այլ ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ, որոնց մէջ ազգի բոլոր անդամները իրենք զիրենք կը տեսնեն, մասնակից կ’ըլլան, հարազատութիւն կ’ապրին:

Այսօ՛ր եթէ մտաւորականութիւնը չստանձնէ իր պատմական պատասխանատուութիւնը եւ դերը, անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով, պատմութիւնը եւ գալիք սերունդները աններող կ’ըլլան:

Յովհաննէս Թումանեան կ’ոգեկոչուի: Պէտք է յիշել, որ ազգի եւ ժողովուրդի համար բանտ մնաց ան, դատարան տարուեցաւ, ինչպէս ուրիշներ: Պատմական դէմքերը պէտք չէ յիշել որպէս սնապարծութիւն պարգեւող պատկեր, այլ յիշել անոնց գործը որպէս օրինակ:

Ինչո՞ւ հայ զանգուածներու հոգիին եւ միտքին իսկական լուսաւոր առաջնորդութիւնը ստանձնելէ դադրած է հայ հարազատ մտաւորականութիւնը:

Մտաւորականութիւնը ինչո՞ւ չի խօսիր ժողովուրդին եւ ազգային ուղղութեան ճամբացոյց չ’ըլլար, ինք որ կը տեսնէ իրականութիւնները:

Մտաւորական մը, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, դասախօս, տխրօրէն ըսաւ, որ վերանկախացման առաջին օրերուն իշխանութիւնը լռութեան դատապարտեց մտաւորականութիւնը՝ զայն խեղճացնելով: Եւ այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր:

Խնդիր է հիմա. ինչպէ՞ս մտաւորականութիւնը պիտի վերադառնայ ազգային առաջնորդութեան բեմ, ընդդէմ շահախնդրութիւններու եւ չտեսներու փառամոլութեան, առանց «թիմային» խմբակներու եւ խմբակցութիւններու:

Բայց դեռ կա՞յ իր մտաւորականութիւնը սիրող եւ յարգող ժողովուրդը, որպէսզի վառ մնայ Երկիր Նայիրիի յանձնառութեան առաջնորդող յոյսը:

Եթէ չկայ, ի՞նչ պատահած է մեր ժողովուրդին:

Միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Հարկ է պատասխանել առանց հետեւելու հին յոյներու սոփեստներու (spohistes) ամէն բան արդարացնելու եւ բացատրելու միտող եւ բան չնշանակող բառային ճապկումներուն:

Հայ մտաւորականութիւնը, հետեւելով 20րդ դարու մեծ մտաւորական Ժան-Փոլ Սարթրի մտածումին, կրնա՞յ, պիտի կարենա՞յ ինքզինք վերականգնել եւ ըլլալ անշրջանցելի ներկայութիւն: Ան ըսած էր. «Մտաւորականը անձ մըն է, որ հաւատարիմ է քաղաքական եւ ընկերային ամբողջի մը, զայն տեւաբար քննադատելով հանդերձ»:

Թէեւ քննադատել եւ քննադատութիւն լսել կ’ենթադրեն անհատական եւ հաւաքական մշակութային եւ քաղաքակրթական հասունութիւն: