Արցախի Մէջ 125 Միլիառ Դրամ Արժողութեամբ Արդիւնաբերական Արտադրութիւն Ապահովուած Է

Հայաստան

Մարտ 12-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան յայտարարած է, որ անցեալ տարի, Արցախի մէջ 125 միլիառ դրամ արժողութեամբ արտադրութիւն եղած է, որ գրեթէ ամբողջութեամբ վաճառուած է: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Հանքագործական արդիւնաբերութիւն ու բացահանքերու շահագործումը անցեալ տարի կազմած է 55.4 տոկոս, մշակող արդիւնաբերութիւնը՝ 22.7 տոկոս, ելեկտրականութեան, կազի, գոլորշիի եւ լաւորակ օդի մատակարարումը՝ 21.2 տոկոս եւ ջրամատակարարման, կոյուղիի, թափօններու կառավարման եւ վերամշակման ոլորտը՝ 0.7 տոկոս: 2018թ. արդիւնաբերա-արտադրական անձնակազմի միջին ցուցակային քանակը՝ նախորդ տարուան համապատասխան ժամանակահատուածին համեմատ՝ կազմած է 103.2 տոկոս, ի դէպ՝ աճ արձանագրուած է հանքագործական արդիւնաբերութեան եւ բացահանքերու շահագործման, մշակող արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ, համապատասխանաբար՝ 8.6 եւ 1.9 տոկոսներով»,-  մանրամասնած է Մանուշ Մինասեան:

0313manoushminasian

Գիւղատնտեսութեան եւ ձկնորսութեան համախառն արտադրանքը Արցախի մէջ անցեալ տարի կազմած է առաւել քան 74 միլիառ դրամ:

Գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքին 49.2 տոկոսը բաժին ինկած է բուսաբուծութեան, 50.8 տոկոսը՝ անասնաբուծութեան ճիւղերուն:

«2018-ին գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի կառուցուածքին մէջ գերակշռող բաժինը կը պատկանի միսի (32.8 տոկոս), հացահատիկի եւ հատիկաընդեղէնի (ներառեալ եգիպտացորեն) (24 տոկոս), կաթի (12.3 տոկոս) արտադրութեան: Ճիւղի շրջանային կառուցուածքին մէջ առաջատարներն են Քաշաթաղի, Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջանները: 2017-ի համեմատ՝ աճած են հացահատիկային եւ հատիկաընդեղէնային մշակաբոյսերու եւ բանջարեղէնի, նուազած՝ գետնախնձորի ու տարբեր մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւնները: Բացի մշակաբոյսերէն ու խաղողէն, մնացեալ արտադրութեան ծաւալները նուազած են: Նախորդ տարուան Յունուար 1-ի համեմատ՝ 41.4 տոկոսով աճած է խոզերու, 19.2 տոկոսով ոչխարներու եւ այծերու, 7.7 տոկոսով թռչուններու քանակը, նուազած է խոշոր եղջերաւոր անասուններու գլխաքանակը՝ 0.5  տոկոսով»,- ընդգծած է Մինասեան:

0313agriculture