Քաղաքական Երկրաշարժ եւ Ցունամի՝ Ամերիկեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Ճափոնի Ֆուքուշիմա քաղաքը հարուածող աղէտալի երկրաշարժին ու անոր յաջորդած մահասփիւռ ցունամիին ութերորդ տարեդարձէն չորս օր առաջ, 7 Մարտին, Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուեցաւ քաղաքական երկրաշարժ մը, որուն յաջորդեց քարոզչական-տեղեկատուական ցունամի մը, երբ Ներկայացուցիչներու Տունը 23-ի դէմ 427 քուէով եւ մէկ անուղղակի ձեռնպահութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ կը քննադատէ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ «հակասեմական արշաւները», հակաիսլամական ատելութեան արարքները եւ փոքրամասնութեանց դէմ խտրական արտայայտութիւններն ու թշնամանքները։

Բանաձեւին որդեգրումը արդիւնք էր մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւած բանավէճերու եւ սուր հակամարտութիւններու, իսկ անոր յաջորդած քարոզչական ցունամին բորբոքեցաւ դեմոկրատ խորհրդարանականի մը՝ Իլհան Օմարի յայտարարութիւններուն պատճառով։ Իլհան Օմար սոմալիական ծագումով իսլամ մըն է. ան եւ պաղեստինեան ծագումով Ռաշիտա Թլայպ եղան Ներկայացուցիչներու Տան մէջ աթոռ շահող առաջին իսլամ կիները՝ վերջին ընտրութիւններուն։

Եթէ պարզ մահկանացուի աչքով կարդանք որդեգրուած բանաձեւը, կը տեսնենք, որ ըստ ամենայնի, անոր գլխաւոր նպատակն է մէկ կողմէ պաշտպան կանգնիլ հրեաներուն՝ անոնց դէմ ծայրայեղական աջակողմեաններու, ցեղապաշտներու եւ այլ խմբաւորումներու կողմէ հալածանքներուն ու թշնամական արարքներուն, իսկ միւս կողմէ, կը դատապարտէ իսլամներուն ու անոնց հաստատութեանց ու աղօթատեղիներուն դէմ յարձակումները՝ նմանապէս ծայրայեղականներու կողմէ, չի մոռնար յիշատակել սեւամորթ, ասիացի եւ այլ ցեղային փոքրամասնութեանց դէմ ոճրային ու թշնամական արարքները. հիմնուելով Սահմանադրութեան կարգ մը յօդուածներուն վրայ՝ կը շեշտէ հանդուրժողութեան եւ կրօններու ազատութեան կիրարկման անհրաժեշտութիւնը, կը մերժէ խօսքի զէնքին անիրաւ գործածութիւնն ու բաժանումներուն խորացումը։ Ու պէտք չէ զարմանալ, որ նման բանաձեւ արդարօրէն արժանացաւ աւելի քան 425 քուէի. անոր ի նպաստ քուէարկեցին հրէական ծագումով դեմոկրատներ ու հանրապետականներ եւս…

Ռաշիտա Թլայպ

Քուէարկութենէն առաջ իսկ, փոթորիկ ծագած էր, որովհետեւ որոշ շրջանակներ անոր մէջ կը տեսնէին հակա-իսրաէյէլեան (հակահրէականը պէտք չէ նոյնացնել հակաիսրայէլեանին) դիտաւորութիւն։ Այս «վարկածը» աւելի եւս զարգացաւ, երբ նոյնինքն Օմար յայտարարեց, թէ բանաձեւը որոշ յստակացումներ կը կատարէ եւ ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլի պաշտպան խմբաւորումները ինչպիսի՛ հզօր ազդեցութիւն ունին ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ, ամերիկեան հսկայական գումարներ կը հոսին պաղեստինցիները ջարդող ու հալածող կառավարութեան գանձանակին մէջ, թէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ օրէնք մշակողներէն շատեր ունին «կրկնակ հաւատարմութիւն», անշուշտ ակնարկելով Իսրայէլի նկատմամբ անոնց հաւատարմութեան։ Աւելին, ան ձայնակցեցաւ Թլայպի այն ակնարկութեան, որ պաղեստինցիներու դէմ իսրայէլեան թշնամական վարմունքն ու բռնարարքները անհրաժեշտ արձագանգը չեն գտներ ամերիկեան դաշտին մէջ։

Բանավէճն ու հակաճառութիւնները զարգացան օր աւուր, կրնան երկարիլ տակաւին. կարելի է հատոր մը խմբագրել աւելի քան 10 օրուան վրայ երկարող փոխասացութիւններն ու մեկանաբանութիւնները մէկտեղելով։ Մեր նպատակը նման հատորի մը պատրաստութիւնը չէ, ոչ ալ, մանաւանդ, Օմարի ու Թլէյպի իտէալականացումն ու գեր-հերոսացումը, այլ կþուզենք քանի մը կէտ վեր առնել ստեղծուած պատկերէն։

Օմարի արտայայտութիւններուն շուրջ ստեղծուած փոթորիկը բնականաբար բթացուց բանաձեւին արձագանգը։ Բնական էր, որ Իսրայէլի – եւ ոչ թէ հրեաներու – պաշտպան մեկնաբաններ սուր քննադատութեան ենթարկէին Օմարի ու համախոհներուն քայլերը, նաեւ առանձնացնէին սոմալիական ծագումով ներկայացուցիչին խօսքերէն որոշ բաժիններ, ըսելով, որ ան «այսպէս ըսաւ», «այսպէս ըսել կþուզէր», «յետին նպատակը այս էր, կամ՝ այն»։ Աւելի հաւասարակշռուած մեկնաբաններ նոյնքան աշխուժօրէն հակադարձեցին, ըսելով, որ պէտք է կարդալ-լսել Օմարի ըսածը, եւ ո՛չ թէ ըստ կամս մեկնաբանել անոր խօսքերը եւ հակա-հրէական յետին նպատակներ փնտռել անոնց մէջ։ Մինչեւ իսկ Իսրայէլի «Հաարէց» թերթի մեկնաբաններէն մէկը նկատեց, որ հարցը հրեաներու ուղղուած քննադատութեան բովանդակութեան մէջ պէտք չէ դիտել, այլ պէտք է զայն նկատել նոյնինքն Իսրայէլի այժմու թէ անցեալի կառավարութեանց՝ բացայայտօրէն խտրական քաղաքականութեան դէմ քննադատութիւն, նաեւ տեսնել, որ Ուաշինկթըն անվերապահօրէն քաջալեր կը կանգնի նման քաղաքականութեան, որ իրականութեան մէջ կը վնասէ թէ՛ հրեաներուն եւ թէ նոյնինքն Իսրայէլի։

Իլհան Օմար

Գաղտնիք չէ, որ այս բանավէճն ու անոր շուրջ զարգացած հակամարտութիւնը քաղաքական տարբեր խորքեր ունին, ու չեն սահմանափակուած հրեաներու, իսլամներու եւ ցեղային փոքրամասնութեանց պաշտպանութեամբ։ Բացայայտ է, որ բանաձեւին ջերմագոյն պաշտպանները՝ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ մեծամասնութիւն դարձած դեմոկրատներն են, որոնք ահաւասիկ նոր զէնք մը կը լարեն նախագահ Թրամփի դէմ, որ իր գահակալութենէն առաջ իսկ, սուր քննադատութեանց ենթակայ եղած է իբրեւ ցեղապաշտներ ու սպիտակամորթ ծայրայեղականները քաջալերելու յանցանքով։ Բնականաբար նախագահը մերժած է ընդունիլ նման վերագրումներ, սակայն անոր կարգ մը արտայայտութիւններն ու արարքները առատ ջուր բերած են քննադատներու ջաղացքին։ Քննադատներ չեն վարանիր զայն համեմատելու տխրահռչակ Հիթլէրին հետ, որ ինքզինք շրջապատած էր… տխմարներով եւ զինք թմբկահարող քարոզչական մեքենայով։

Գաղտնիք չէ նաեւ, որ քաղաքական նպատակներէ սնունդ առնող բանաձեւը շօշափելի արդիւնքէ հեռու պիտի պահուի, ո՛չ միայն անոր համար, որ նման բանաձեւեր դատապարտուած են մնալու տեսականի ծիրին մէջ, այլ մանաւանդ՝ որովհետեւ քաղաքական բեմը ամէն օր նորութիւն կը բերէ, իմաստալից թէ անիմաստ, օրինակ՝ Վենեզուելլայի, Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ հետ բանակռիւները, որոնք կարողութիւնը ունին մինչեւ իսկ խլացնելու յառաջիկայ տարուան պիւտճէի նախագահական նախահաշիւէն բխող մտահոգութիւնները (չես գիտեր ինչպէ՛ս, Մեքսիքայի սահմանին վրայ նախատեսուած պատին պիւտճէն 5.2 կամ 5.8 միլիառ տոլարէն յանկարծ ցատկեր ու հասեր է աւելի քան 8.5 միլիառի։ Մարզական աշխարհի մէջ նման ոստումներ կþարձանագրուին «Կինէս»-ի գիրքին մէջ…)։

Այսուամենայնիւ, երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ քաղաքական հաշիւներո՞ւ թէ՞ անկեղծ նպատակներով՝ ամերիկեան բեմին վրայ զարգացող այս ցունամին կարելի է դիտել իբրեւ նախանշան՝ կարծրատիպերու եւ անառիկ բերդերու քանդումին։ Չենք անտեսեր, որ հակա-շարժումը կրնայ աւելի՛ հզօր ըլլալ ու Օմարի ու համախոհներու ստեղծած ալիքը վատնել ապարդիւն կերպով, սակայն անպայման որ հետք մը կը թողու, ատակ՝ նոր զարգացումներու։

«Առակս ի՞նչ ցուցանէ»։

Ամէնէն պարզ հետեւութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ «չսպասած քարդ կրնայ գլուխ ծակել», մանաւանդ երբ արձակողները յանդուգն «ծակգլուխ»ներ են, որոնք գիտեն որոշ ալիքներու վրայ նաւարկել ի նպաստ արդար դատերու։

… Իսկ ե՞րբ պիտի գայ Էրտողանի ու նախորդներուն Թուրքիո՛յ դէմ նման քարեր արձակելու կարգը, որուն համար, միշտ ալ կարելի է օգտուիլ այսպիսի ցունամիներէ եւ գործի լծել երկրաշարժներ արձանագրող հայկական սարքերը։ Կարեւոր նախապայման մըն է քայլ պահել ու մասնակից դառնալ նման ցունամիներու տարածման։