Վրաստանի Նախագահը Ժամանած է Հայաստան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով, այսօր, երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին:

Ըստ News.am-ի՝ Զուրապիշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Վրաստանի արդարադատութեան նախարար Թէա Ծուլուկիանին, Վրաստանի խորհրդարանի փոխխօսնակ Գէորգի Վոլսքին, խումբ մը պատգամաւորներ, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիան, պաշտօնատար այլ անձեր։

ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ տեղի կ՝ունենայ Արմէն Սարգսեանի եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առանձնազրոյցը, այնուհետեւ՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ, ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Նախագահներ Սարգսեան եւ Զուրապիշվիլի հանդէս կու գան մամուլի համար յայտարարութեամբ:

Պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Վրաստանի նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ, պիտի հիւրընկալուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:

Սալոմէ Զուրապիշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ պիտի դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին: