Մարտական Յենակէտէն Այլ Յենակէտ Անցնելու Ճանապարհին Զինծառայողը Սայթաքած ու Ձոր Ինկած է

Հայաստան

ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ջոկի սան հրահանգիչ, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Համլէթ Հրաչ Աւագեանը 12.03.2019-ի ժամը 17:00-ի սահմաններուն, բուժօգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ մարտական յենակէտէն այլ մարտական յենակէտ անցնելու ճանապարհին սայթաքած է եւ ինկած ձորը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Նայիրա Յարութիւնեան: Անոր տեղեկութիւններուն համաձայն՝ ստացած մարմնական վնասուածքներէն Հ. Աւագեանը մահացած է:

Դէպքին առիթով ՀՀ քննչական կոմիտէի ԶՔԳՎ հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժինին մէջ կը նախապատրաստուին նիւթեր: